­altՄիա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րա­րի Եւ­րո­պա­յի եւ Եւ­րա­սիոյ հար­ցե­րու տե­ղա­կալ Պ­րի­ժիթ Պ­րինք ու ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին օգ­նու­թեան հա­մա­կար­գող Ա­լի­նա ­Ռո­մա­պովս­քի 18 ­Նո­յեմ­բե­րին տո­ւած են մամ­լոյ միա­ցեալ ա­սու­լիս մը, ուր Պ­րի­ժիթ Պ­րինք իր խօս­քին մէջ հաս­տա­

տած է, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կ­՛ա­ջակ­ցի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան բա­նակ­ցա­յին խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցին եւ սահ­մա­նա­յին լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը մեղ­մե­լու ջան­քե­րուն։ «Ես գի­տեմ, որ վեր­ջերս բռնու­թեան դրսե­ւո­րում­ներ կա­տա­րո­ւած են, եւ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հան­դէս ե­կած են յայ­տա­րա­րու­թեամբ՝ կոչ ուղ­ղե­լով կող­մե­րուն յար­գե­լու զի­նա­դա­դա­րը, նաեւ նշե­լով, որ ծանր զի­նա­տե­սա­կի օգ­տա­գոր­ծու­մը ա­նըն­դու­նե­լի է։ ­Մենք սեր­տօ­րէն կ­՛աշ­խա­տինք դես­պան Ո­ւոր­լի­քի հետ եւ նե­ցուկ կը կանգ­նինք ­Մինս­կի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն»,- յայտ­նած է ան: Պ­րի­ժիթ Պ­րինք վստա­հու­թիւն յայտ­նած է այն մա­սին, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը ի վեր­ջոյ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նա­տա­րը լա­ւա­տես մօ­տե­ցու­մով խօ­սած է հայ ա­մե­րի­կեան տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ուր կան խո­րաց­ման եւ ընդ­լայն­ման կա­րե­լիու­թիւն­ներ։ Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ ­Հա­յաս­տան կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակն է մաս­նակ­ցիլ տնտե­սա­կան հար­ցե­րով հայ-ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րա­կան աշ­խա­տան­քա­յին խում­բի նիս­տին, քննար­կել տնտե­սա­կան երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ներդ­րում­նե­րու ընդ­լայն­ման ա­ռիթ­նե­րը: «­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ընդ­հա­նուր նպա­տակ­ներն են ա­ջակ­ցիլ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, օգ­նել ­Հա­յաս­տա­նին՝ հա­մար­կո­ւե­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին տնտե­սու­թեան մէջ, բա­րե­լա­ւել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը դրա­ցի­նե­րուն հետ, դի­մա­կա­յել ար­տա­քին ճնշում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ կա­ռու­ցո­ղա­կան կա­պեր հաս­տա­տել Եւ­րոաթ­լան­թեան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ: Այ­սօր մենք բո­վան­դա­կա­յին քննար­կում­ներ ու­նե­ցած ենք ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նի, քա­ղա­քա­կան ընդ­դի­մադ­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: ­Կը կար­ծեմ, թէ աշ­խա­տան­քա­յին խում­բի նիս­տե­րը օգ­նած են, որ տնտե­սա­կան ա­ջակ­ցու­թեան մա­սին երկ­խօ­սու­թիւն ծա­ւա­լի ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ»,- դի­տել տո­ւած է Պ­րի­ժիթ Պ­րինք: «­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ցու­ցա­բե­րո­ւած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նին մէջ կը վե­րա­բե­րէր ջրա­յին են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու բա­րե­լաւ­ման եւ ա­կա­նա­զերծ­ման ի­րա­կա­նա­ցու­մին: ­Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը այդ ուղ­ղու­թեամբ՝ ա­պա­հե­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը»,- հաս­տա­տած է ան։