17 Նոյեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, անվըտանգութեան եւ օրինապահութեան մնայուն յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները հերթական այցելութիւն տուին Մարտունի շրջանային կեդ րոն: Պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Մարտունի շրջանի վարչակազմի ղեկավարութեան, Մարտունի քաղաքի համայնքի ղեկավարութեան եւ աւագանիի անդամներուն հետ, քննարկեցին քաղաքացիական պաշտպանութեան առնչուող տարատեսակ հարցեր:
Անոնք նաեւ ծանօթացան տեղւոյն քաղաքացիական պաշտպանութեան ներկայ իրավիճակին՝ նախանշելով կատարուելիքներն ու ապագայի ծրագիրները։ Պատգամաւորները նշեցին, որ նմանատիպ այցելութիւններ շարունակական բնոյթ պիտի կրեն եւ անոնց ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ բազմակողմանի, խոր ու համապարփակ կերպով լուսարձակի տակ առնել քաղաքացիական պաշտպանութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներն ու բացթողումները, ստեղծել հարթակ՝ շահագրգիռ բոլոր կողմերու կարծիքներու փոխանակման ու առաջարկներու քննարկման համար:
Այնուհետեւ պատգամաւորները այցելեցին սահմանագիծ՝ գետնի վրայ ծանօթանալու համար տիրող կացութեան:
Յիշեցնենք, որ նոյն յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ՝ շաբաթներ առաջ պատգամաւորները այցելած էին նաեւ Մարտակերտի շրջան, ծանօթանալու համար շրջանի քաղաքացիական պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հիւսիսային հատուածի սահմաններուն մէջ տիրող կացութեան: