alt«­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը, իր Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մարմ­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ­Նո­յեմ­բեր 18էն 22 կ’ի­րա­կա­նաց­նէ 16րդ ­հա­մաեւ­րո­պա­կան հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թո­նը, ո­րուն կնքա­մայրն ու կնքա­հայրն են ­Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալ­քօ եւ Օ-տը-սէն նա­հան­գի խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Փաթ­րիկ ­Տե­ւե­ճեան: ­

Վեր­ջին­ներս այդ 5 օ­րե­րու ըն­թաց­քին պի­տի քա­ջա­լե­րեն հայ հա­մայն­քը` նա­խա­ձաեռ­նու­թեան ա­ւե­լի աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու նպա­տա­կով: Այս մա­սին կը յայտ­նեն ­Հիմ­նադ­րա­մի հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու ծա­ռա­յու­թե­նէն:

Դ­րա­մա­հա­ւա­քի ամ­բողջ հա­սոյ­թը պի­տի ուղ­ղո­ւի Ար­ցա­խի հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­նե­րու կա­ռուց­ման, ­Տա­ւու­շի մար­զի գիւ­ղատն­տե­սա­կան ծրա­գիր­նե­րու զար­գաց­ման ու ընդ­լայն­ման, ­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի հայ ա­պաս­տա­նեալ­նե­րու օգ­նու­թեան:

«­Չա­րա­գործ­նե­րու ձեռ­քով այ­սօր մեր եր­կի­րը` Ֆ­րան­սան, վի­րա­ւոր է: ­Մենք կը սգանք: ­Նոյն դա­ժա­նու­թիւ­նը 1915ին տե­սած մեր հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մէկ մասն ալ այ­սօր բար­բա­րոս­նե­րու պատ­ճա­ռով հար­կադ­րա­բար կը լքէ իր տու­նը ­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ եւ տա­րա­գիր ճամ­բայ կ­՛որ­դեգ­րէ: ­Սա հա­րո­ւած է քա­ղա­քակր­թու­թեան մը, ո­րու հիմ­քին կան սէ­րը՝ մեր­ձա­ւո­րին հան­դէպ, յար­գան­քը՝ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան նկատ­մամբ, հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւնն ու ա­զա­տու­թիւ­նը: ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը նոյն քա­ղա­քակըր­թու­թեան կրող­ներն են: ­Մենք պէտք է պաշտ­պա­նենք այդ քա­ղա­քակր­թու­թեան սահ­ման­նե­րը եւ ա­ջակ­ցինք այն տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րուն, ո­րոնք այ­սօր հրա­տապ օգ­նու­թեան կա­րիք ու­նին: ­Հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թոն 2015ի կնքա­մայր Անն Ի­տալ­քո­յի եւ կնքա­հայր ­Փաթ­րիկ ­Տե­ւե­ճեա­նի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ՝ մենք կ­՛ի­րա­կա­նաց­նենք մար­դա­սի­րա­կան խո­շոր այս ձեռ­նար­կը, ինչ­պէս որ նա­խա­տե­սո­ւած էր: «­Դուք մեզ չէք վախց­ներ» խօս­քե­րը, որ գրո­ւած են ­Փա­րի­զի շէն­քե­րու պա­տե­րուն, լիո­վին կ­՛ար­տա­ցո­լան մեր դի­քո­րո­շու­մը»,- յայ­տա­րա­րած է ­Հիմ­նադ­րա­մի Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նը:

­Հիմ­նադ­րա­մի Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մարմ­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւող հա­մաեւ­րո­պա­կան հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թո­նի այս տա­րո­ւան բա­ցու­մը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ ­Նո­յեմ­բեր 12ին, ­Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի պա­լա­տին մէջ կա­յա­ցած ճա­շով: Դ­րա­մա­հա­ւաք-հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թո­նը կը կազ­մա­կեր­պո­ւի Ֆ­րան­սա­յի ­Փա­րիզ, ­Մար­սէյլ, ­Թու­լուզ եւ ­Լիոն քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ուր ա­ւե­լի քան 600 կա­մա­ւոր 5 օր շա­րու­նակ հե­ռա­խօ­սով կը կա­պո­ւին եւ­րո­պաբ­նակ շուրջ 50.000 հայ ըն­տա­նիք­նե­րու հետ եւ հան­գա­նա­կու­թիւն­ներ կը հա­ւա­քեն:

Ա­ւան­դոյ­թին հա­մա­ձայն` հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թո­նի մաս­նա­կից եր­կիր­ներն են Ֆ­րան­սան, ­Գեր­մա­նիան եւ ­Զո­ւի­ցե­րիան: Եւ­րո­պա­յի մէջ գոր­ծող ­Հիմ­նադ­րա­մի միւս տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը (­Մեծն Բ­րի­տա­նիա, Աւստ­րիա, ­Հո­լան­տա, ­Շո­ւէտ, ­Ռու­մա­նիա, ­Յու­նաս­տան, ­Կիպ­րոս) ի­րենց եր­կիր­նե­րուն մէջ կը կի­րար­կեն սե­փա­կան դրա­մա­հա­ւա­քի ե­ղա­նակ­ներ:

Յունաստանի մէջ «­Հա­յաս­տան» ­Հիմ­նադ­րա­մի դրա­մա­հա­ւաքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 22 Նոյեմբերին այս տարուան համար յատուկ դասաւորումով, որ արդէն յայտարարուած է «Ազատ Օր»ի մէջ: