Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100ամեակի նշումը կազմակերպող յոբելինական յանձնաժողովի անդամներուն հետ, Նոյեմբեր 14ին Արմաւիրի մարզին մէջ մասնակցած է Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100րդ տարեդարձին նուիրուած հան դիսաւոր ձեռնարկներուն, որոնց ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ, մուսալեռցիները փրկած նաւերու նաւապետներուն հարազատներ, մարզի բնակիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Նախագահը ձեռնարկի մասնակիցներուն հետ ծաղիկներ դրած է Մուսա Լերան Հերոսամարտի 18 նահատակի յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցած, որմէ ետք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արմաւիրի թեմի առաջնորդին կողմէ կատարուած է «Ի յիշատակ սուրբ նահատակներու» արարողակարգը:
Հերոսամարտի յոբելեանի առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Սարդարապատի Հերոսամարտի յուշահամալիրի Հայոց Ազգագրութեան եւ Ազատագրական Պայքարի պատմութեան թանգարանը, իր «Մուսա Լերան Հերոսամարտի եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարան»ի մասնաճիւղի ցուցասրահին մէջ, կազմակերպած է «Մուսա Լերան Հերոսամարտը» խորագիրով մշտական ցուցահանդէս` շրջանառութեան մէջ դնելով նոր եւ ուշագրաւ նիւթեր: Մուսա Լերան Հերոսամարտի պատմութիւնը ներկայացնող նոր ցուցահանդէսին հիմնական նպատակն է` հանրութեան ներկայացնել մուսալեռցիներու հերոսական պայքարը, յաւերժացնել հերոսամարտի ընթացքին զոհուած մուսալեռցիներու յիշատակը եւ սերունդները դաստիարակել այդ հերոսներու ոգով: Հանրապետութեան նախագահը եւ ձեռնարկին մասնակիցները շրջած են թանգարանի ինքնապաշտպանական մարտերուն նուիրուած ցուցասրահը, ծանօթացած ցուցադրանիւթին, որ ներկայացուած է ձեւաւորման նոր լուծումներով` Մուսա Լերան եւ ծովեզերքի եռաչափ անիմացիայով (կենդանապատկերով): Յուշարձանի կամարին տակ տեղադրուած են Մուսա Լերան Հերոսամարտի 18 նահատակի յիշատակին նուիրուած «Փառապանծ սուր» տուֆէ յուշակոթողը եւ «Մասունք Մուսա Լերան Հերոսամարտի նահատակաց» տապանաքարը:
Արմաւիրի մարզի Մուսալեռ եւ Փարաքար գիւղական համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած են շարք մը փողոցներու անուանակոչում Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի, Շառլ-տիրան Թէքէյեանի, Տիգրան Անդրէասեանի եւ Մովսէս Տէր-Գալուստեանի անուններով, իրականացուած են Մուսա Լերան յուշահամալիրի հիմնանորոգման եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքներ: