Մա­սա­չու­սէթ­ցի Ար­հես­տա­գի­տու­թեան Հիմ­նար­կի մաս­նա­գէտ­նե­րու բազ­մա­դի­տար­կող խում­բը հե­տա­զօ­տած է աշ­խար­հի մօտ 1000 լե­զու­նե­րու կի­րար­կումն ու փո­խա­դարձ կա­պե­րը` ո­րո­շե­լու հա­մար ա­նոնց ազ­դե­ցի­կու­թեան աս­տի­ճա­նը: Հե­տա­զօ­տու­թեան հա­մար օգ­տա­գոր­ծո­ւած են վեր­ջին 30 տա­րո­ւան մէջ ա­ւե­լի քան 2,2 մի­լիոն գիր­ քե­րու թարգ­մա­նու­թեան, Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի յօ­դո­ւած­նե­րու եւ հե­ղի­նակ­նե­րու քա­նա­կի, Twitter-ի գրա­ռում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ տո­ւեալ­նե­րը եւ շարք մը այլ տե­ղե­կու­թիւն­ներ: Հա­յոց լե­զուն 48րդ­ ա­մե­նաազ­դե­ցիկ լե­զուն ճանչ­ցո­ւած է գիր­քե­րու թարգ­մա­նու­թեան մա­սով, 59րդը` ըստ ազ­դե­ցի­կու­թեան Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի, 57րդը` Twitterի մէջ: Ըստ հե­տա­զօ­տող­նե­րուն, հա­յե­րէ­նի կրող կը հա­մա­րո­ւի 6 մի­լիոն մարդ, 30 տա­րո­ւան մէջ հա­յե­րէ­նէն թարգ­մա­նո­ւած է 1100 գիրք, հա­յե­րէն` 2139: Հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը նաեւ բա­ցա­յայ­տած է լե­զու­նե­րու մի­ջեւ կա­պե­րը ` լե­զո­ւա­յին մի­ջա­վայ­րէ մը միւ­սին տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն փո­խան­ցե­լու տե­սա­կե­տէ: Հա­յե­րէ­նի հա­մար գլխա­ւոր կա­պակ­ցող­նե­րը հա­մա­րո­ւած են ռու­սե­րէնն ու անգ­լե­րէ­նը: Ա­տի­կա կը նշա­նա­կէ, որ օ­րի­նակ՝ ֆրան­սե­րէն կամ սպա­նե­րէն գրո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը հա­յա­լե­զու մի­ջա­վայ­րի մէջ կը յայտ­նո­ւի ռու­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն աղ­բիւր­նե­րէ թարգ­մա­նու­թեան մի­ջո­ցով:

Ինչ­պէս որ ակն­կա­լե­լի է, գրա­կա­նու­թեան թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու մա­սով ա­մե­նաազ­դե­ցի­կը ճանչ­ցո­ւած է անգ­լե­րէ­նը, ո­րուն կը յա­ջոր­դեն ֆրան­սե­րէ­նը, գեր­մա­նե­րէ­նը, ի­տա­լե­րէ­նը եւ ռու­սե­րէ­նը: Ա­ռա­ջին տաս­նեա­կին մէջ են նաեւ սպա­նե­րէ­նը, ճա­փո­նե­րէ­նը, հո­լան­տե­րէ­նը, լա­տի­նե­րէ­նը եւ շո­ւէ­տե­րէ­նը: Ա­րա­բե­րէ­նը 19րդն­ է, չի­նա­րէ­նը` 20րդը ըստ ազ­դե­ցի­կու­թեան: