Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 11ին մեկնած է Մարտունիի շրջան եւ շարք մը համայնքներու մէջ ծանօթացած «Հայկական Գիւղերու Զարգացման Հիմնադրամ»ի ծրագիրներու ընթացքին:
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին փոխանցումով` գործադիր իշխանութեան ղեկավարը նախ մասնակցած է Ներքին Ճարտարի մէջ բարեգործական ծրագիրով կառուցուելիք բազմաբնակարան շէնքերու հիմնարկէքի արարողութեան: «Հայկական Գիւղերու Զարգացման Հիմնադրամ»ին միջոցներով սպայական ընտանիքներու համար կառուցուող երկու շէնքերէն իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ 24 բնակարան. ծրագիրով նախատեսուած է կառուցել նաեւ խաղահրապարակ, կայանատեղի եւ այլ ենթակառուցուածքներ: Վարչապետը ողջունած է հիմնադրամի նախաձեռնութիւնը եւ նշած, որ բնակարանաշինութիւնը կը համարուի հանրապետութեան ռազմավարական հիմնախնդիրներէն մէկը: Անոր խօսքով` սպայական ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու հարցը կը գտնուի ինչպէս կառավարութեան, այնպէս ալ բարերարներու ուշադրութեան կեդրոնին:
«Ողջունելի է «Հայկական Գիւղերի Զարգացման Հիմնադրամ»ի այս նախաձեռնութիւնը, որն ուշադրութեան ներքոյ է պահում մեր սպաների բնակարանային կարիքները: Օրինակելի է նրա հիմնադիր Վլադիմիր Աւագեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը, ով բացի բնակարանաշինութիւնից, Ճարտարում եւ Արցախի տասնեակ համայնքներում տարբեր ծրագրեր է իրականացնում»,- ըսած է վարչապետը:
Ներկաներուն ողջունած է նաեւ բարերար Վլադիմիր Աւագեան եւ նշած, որ բացի գիւղական համայնքներէն, հիմնադրամը աջակցութեան տարբեր ծրագիրներ պիտի իրականացնէ նաեւ Պաշտպանութեան Բանակին համար: «Հիմնադրամն առաջիկայ տարիներին պատրաստւում է Արցախի գիւղական համայնքներում շուրջ հազար բնակարան կառուցել` սպայական եւ բազմազաւակ ընտանիքների համար»,- տեղեկացուցած է բարեգործը:
Վարչապետի եւ բարերարի մասնակցութեամբ` տեղի ունեցած է շէնքերու հիմնարկեքի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ աւարտած է Սահակ Վարդապետ Շաքարեանի օրհնութեամբ: Ա. Յարութիւնեան այցելած է նաեւ տեղի միջնակարգ դպրոց, ծանօթացած առկայ պայմաններուն:
Այնուհետեւ կառավարութեան ղեկավարը այցելած է Ճարտար քաղաք, ուր, բարերար Վլադիմիր Աւագեանի ուղեկցութեամբ, ծանօթացած է «Հայկական Գիւղերու Զարգացման Հիմնադրամ»ին կողմէ իրականացուող հանդիսութիւններու տան, եկեղեցւոյ եւ բազմաբնակարան շէնքերու շինարարական աշխատանքներու ընթացքին, եղած նոր մարզադահլիճի համար նախատեսուած շէնքին մէջ:
Վարչապետ Յարութիւնեան Ճարտարի մէջ մասնակցած է նաեւ հիմնադրամի կողմէ շտապ օգնութեան երկու նոր մեքենաներու համայնքին յանձնելու արարողութեան:
Գործադիր իշխանութեան ղեկավարը այցելած է նաեւ Խնուշինակ եւ Գիշի համայնքներ, ուր ծանօթացած է բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով կեանքի կոչուող ծրագիրներուն, բարերարին հետ քննարկած որոշ մանրամասներ եւ ձեռք բերած հետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնութիւններ:
Այցի ընթացքին վարչապետ Յարութիւնեանին ուղեկցած են Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Թովմասեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: