«­Ռեկ­նիւմ» լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան կեդ­րո­նին մէջ կա­յա­ցած եւ Մոս­կո­ւա­յի մէջ Ար­ցա­խի օ­րե­րուն նո­ւի­րո­ւած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան հաս­տա­տած է, որ Ար­ցա­խը եր­բեք մաս չէ կազ­մած Ատրպէյ­ճա­նի։ «­Մի շարք եւ­րո­պա­կան եւ ա­մե­րի­կեան քա­ղաք­ներ եւ

նա­հանգ­ներ, այդ թւում՝ Լոս Ան­ջե­լես, ինչ­պէս նաեւ աւստ­րա­լա­կան Նոր Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելս նա­հանգն ար­դէն ճա­նա­չել են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի՝ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը: Ինչ վե­րա­բե­րում է պե­տու­թիւն­նե­րի կող­մից ճա­նաչ­մա­նը, ա­պա դա ժա­մա­նա­կի եւ քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քի հարց է»,- նշած է ան։

Նա­խա­գահ Սա­հա­կեան դի­տել տո­ւած է, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը կը կա­ռու­ցո­ւի բազ­մա­ճիւ­ղու­թեան եւ պա­տո­ւա­սի­րա­կան սկզբունք­նե­րու վրայ:

«­Մենք ձգտում ենք կա­յուն եւ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ բո­լոր այն երկր­նե­րի հետ, որ­տեղ մենք սփիւռք ու­նենք»,- ընդգ­ծած է ան: Խօ­սե­լով սահ­մա­նին վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին՝ նա­խա­գահ Սա­հա­կեան ընդգ­ծած է, որ՝ ի տար­բե­րու­թիւն Ատր­պէյ­ճա­նի, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ կը փոր­ձէ ա­մէն ինչ ը­նել, որ­պէս­զի նո­ւա­զի լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը եւ խթա­նո­ւին մի­ջազ­գա­յին միջ­նորդ­նե­րուն ջան­քե­րը: