altՀա­կա­ռա­կոր­դը կը շա­րու­նա­կէ տար­բեր զի­նա­տե­սակ­նե­րու կի­րա­ռու­մով խախ­տել հրա­դա­դա­րը:

Նո­յեմ­բեր 12ին` ժա­մը 21:00ի սահ­ման­նե­րուն, Լ.Ղ.Հ. հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սի մար­տա­ կան յե­նա­կէ­տին վրայ, հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ ար­ձա­կո­ւած կրա­կոց­նե­րէն, զո­հո­ւած են զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յող­ներ Վա­հէ Վարդ­գէ­սի Վա­նո­յեան (ծ. 1995) եւ Մի­քա­յէլ Ա­ռա­քե­լի Թո­րո­սեան (ծ. 1996): Դէպ­քի ման­րա­մաս­նե­րը պար­զե­լու հա­մար կը կա­տա­րո­ւի քննու­թիւն:

Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը կի­սէ կորս­տեան ծանր վիշ­տը եւ իր զօ­րա­կա­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ մա­հա­ցած զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն։

Այս մա­սին կը յայտ­նէ Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թիւ­նը: Ն­շենք, որ Նո­յեմ­բեր 9ին լոյս 10ի գի­շե­րը սահ­մա­նագ­ծին վրայ հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ հրա­դա­դա­րը խախ­տո­ւած է մօտ 60 ան­գամ, ո­րուն ըն­թաց­քին, տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ եւ 60 մի­լի­մեթ­րա­նոց ա­կա­նա­նե­տէ, հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կո­ւած է ա­ւե­լի քան 800 կրա­կոց:

Նո­յեմ­բեր 7ին եւ 8ին, սահ­մա­նագ­ծին հրա­դա­դա­րը խախ­տո­ւած է մօտ 130 ան­գամ, ո­րու ըն­թաց­քին, տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ եւ 60 մի­լի­մեթ­րա­նոց ա­կա­նա­նե­տէ, հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կո­ւած է ա­ւե­լի քան 2000 կրա­կոց: