­«­Հա­յան­տառ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը վեր­ջին 8 տա­րի­նե­րուն վե­րա­կանգ­նած է շուրջ 31.500 հեկ­տար ան­տա­ռի տա­րածք: ­Վե­րա­կանգ­նո­ւած տա­րած­քի ա­ւե­լի քան 3600 հեկ­տա­րը կը գրա­ւեն նոր տնկո­ւած ծա­ռե­րը: 11 ­Նո­յեմ­բե­րին լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է «­Հա­յան­տառ»ի գլխա­ւոր տնօ­րէն ­Մար­տուն ­Մա­թե­ւո­սեան: «­Միայն այս տա­րի «­Հա­յան­տառ»ի եւ ­Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ու­ժե­րով տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րի, մարզ­պե­տա­րան­նե­րի եւ հա­մայնք­նե­րի տրա­մադ­րո­ւել է շուրջ 200 հա­զար տնկա­նիւթ: Տն­կում­ներն ի­րա­կա­նա­ցո­ւել են ինչ­պէս հա­մայնք­նե­րում, այն­պէս էլ ան­տա­ռա­մերձ գօտ­նի­նե­րում»,- յայտ­նած է ան՝ նշե­լով, թէ ան­տա­ռի վե­րա­կանգն­ման լուրջ աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րեն նաեւ բնա­պահ­պա­նա­կան կարգ մը հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: ­Մա­թե­ւո­սեա­նի հա­մա­ձայն՝ «­Հա­յան­տառ» կ­՛աշ­խա­տի նաեւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու հետ, քա­նի որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն պիւտ­ճէի սղու­թիւ­նը կա­րե­լիու­թիւն չի տար ան­տառ­նե­րու վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­լու սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով: «Այդ պատ­ճա­ռով էլ ­Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնն ու «­Հա­յան­տառ»ն­ այդ բա­ցը փոր­ձում են լրաց­նել մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րի հետ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քում»,- ը­սած է ան՝ նշե­լով նաեւ, որ «Գ­լո­բալ Է­կո­լո­գիա­կան ­Հիմ­նադ­րամ»ի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տած է «­Հո­ղե­րի եւ ան­տա­ռի կա­յուն կա­ռա­վար­ման ներդ­րու­մը հիւ­սիս­–ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի չոր լեռ­նա­յին լանդ­շաֆտ­նե­րում» ծրա­գի­րը, ո­րու ծի­րին մէջ 2015-2019ին պի­տի կա­տա­րո­ւին ա­ւե­լին քան 4600 հեկ­տար ան­տա­ռի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­ներ: