Հայաստանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազները, Նոյեմբեր 11ին Սոչիի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներու գլխաւոր դատախազութիւններուն միջեւ 2015-2017 թուականներու համագործակցութեան ծրագիրը:
Փաստաթուղթով կը նախատեսուի երկու երկիրներու դատախազութեան աշխատակիցներու աշխուժ համագործակցութիւն` մասնագիտական որակի բարձրացման ուղղուած շարք մը ձեռնարկներու իրականացում,- կը յայտնէ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան պաշտօնական կայքը: Կը նախատեսուի կազմակերպել «Փտածութեան յանցագործութիւններու վերաբերեալ քրէական գործերու քննութեան նկատմամբ դատախազական վերահսկողութեան կազմակերպում եւ իրականացում, փտածութեան իրաւախախտումներու կանխարգիլում եւ փտածութեան հակազդումի օրէնսդրութեան վերլուծութիւն» նիւթով փորձի փոխանակում, միացեալ ծրագիրներու մշակում:
2016ին առաջնահերթ են քրէական գործերով իրաւական օգնութիւն ցուցաբերելու հարցերը, ինչպէս նաեւ՝ «Մարդոց առեւտուրի եւ անօրինական գաղթականութեան փաստերու հիման վրայ յարուց-ւած քրէական գործերու նկատմամբ դատախազական վերահսկողութեան» վերաբերեալ փորձի փոխանակումը: Իսկ 2017ի ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան արհեստագիտութեան միջոցով կատարուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարին մէջ իրաւապահ մարմիններու գործունէութեան նկատմամբ դատախազական վերահսկողութեան, ինչպէս նաեւ դատավարութեան յատուկ կարգով դատական փորձերու կիրարկման վերլուծութեան վերաբերող նիւթեր: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Հայաստանի դատախազները վերապատրաստուին Ռուսիոյ դատախազութեան ակադեմիային մէջ: