Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Նոյեմբեր 9ին, Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ:
Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները աշխոյժ կերպով կը զարգանան, որուն, ըստ անոր, կը նպաստեն տարբեր մակարդակի պարբերական փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ այս տարուան ընթացքին Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումները:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հետեւողականօրէն կը զարգանայ համագործակցութիւնը տնտեսական, զինուորական արհեստագիտական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին իրաւապայմանագրային դաշտը հարստացած է գրեթէ երեք տասնեակ միջ-պետական, միջ-կառավարական, միջ-նախարարական եւ միջ-շրջանային փաստաթուղթերով, ինչ որ կը վկայէ երկկողմ օրակարգի յագեցուածութեան մասին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Ռուսիոյ դերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ շրջանէն ներս անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ:
«Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահին ջերմ ողջոյնները եւ ընդգծած, որ նախագահ Փութին հետեւողական է հայ-ռուսական բարձր մակարդակի պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու հարցին մէջ: Սերկէյ Լաւրով եւս գոհունակութեամբ հաստատած է, որ բոլոր ուղղութիւններով, հայ-ռուսական երկկողմ փոխադարձ գործակցութեան արդիւնքով, արձանագրուած են յառաջընթաց ու աշխոյժ զարգացող յարաբերութիւններ՝ նաեւ համարկումի հոլովոյթներու ծիրէն ներս: Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, անոր համոզումով, անշուշտ, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տնտեսական յարաբերութիւնները աւելիով խորացնելու եւ զարգացնելու տեսանկիւնէն»,- կը յայտնէ պաշտօնական աղբիւրը:
Հանդիպում՝
Նալբանդեանի հետ
9 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ, հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարաներ Էդուարդ Նալբանդեանն ու Սերկէյ Լաւրովը, որոնք նաեւ տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս:
Սերկէյ Լաւրով հաստատած է, որ Ռուսիա կը պաշտպանէ Ղարաբաղեան Տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու Երեւանի դիրքորոշումը: Ան վստահ է, որ կողմերը պիտի շարունակեն փոխ-շահաւէտ փոխ-զիջումներու հիմքեր մշակելու ջանքերը: Լաւրով ընդգծած է, որ Ռուսիան` իբրեւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահ եւ եռեակի մասնակից, կը շարունակէ աշխոյժ եւ գործօն դեր խաղալ դրական արդիւնքի հասնելու առումով:
Ան քննադատած է Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (Ե.Խ.Խ.Վ.) քաղաքական հարցերու յանձնախումբի որոշումը, որով համաձայնութիւն տրուած է Ռոպըրթ Ուոլթըրի զեկոյցին: Լաւրով ընդգծած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահները վճռական պիտի ըլլան այն առումով, որ տագնապի լուծումը տեղի ունենայ հետեւողական, համբերատար երկխօսութեան միջոցով:
«Հարցը իրօք շատ բարդ է», - նշած է ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, ճիշդ չէ փորձել հարցին մէջ ներքաշել այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք կը զբաղին լուծումով, բայց այդ բանը ընելու համար միջազգային հանրութենէն իրաւասութիւն չեն ստացած: Ան նշած է, թէ որեւէ նշանակալի արմատական քայլ, ով ալ ըլլայ նախաձեռնողը, կը վնասէ Ե.Ա.Հ.Կ.ի համանախագահներու գործողութիւններուն: Նախարար Նալբանդեան իր կարգին ընդգծած է, որ պաշտօնական Երեւան բարձր կը գնահատէ Ղարաբաղի խնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման հարցին մէջ ռուսական կողմին եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` հաստատելով, որ Հայաստան պիտի շարունակէ նոյն ոգիով գործել: