­«­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Վար­դե­նիս-­Մար­տա­կերտ ճա­նա­պար­հի վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին: Ծ­րագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած էին Հե­ռուս­տա­մա­րա­թոն 2013ի եւ 2014ի հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րը: Խո­շո­րա­ծա­ւալ ձեռ­նար­կը ա­ւար­ տին հասց­նե­լու նպա­տա­կով մի­ջոց­ներ յատ­կա­ցո­ւած են նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թեանց կող­մէ: Ճա­նա­պար­հի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի Հիմ­նադ­րա­մի ռազ­մա­վա­րա­կան եւ նպա­տա­կա­յին ծրագ­րե­րուն զու­գա­հեռ, եւ պի­տի ա­ւար­տի 2016ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան:

Վար­դե­նիս-­Մար­տա­կերտ ճա­նա­պար­հի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը կ­’ի­րա­կա­նա­նայ միա­ժա­մա­նակ հինգ ճա­նա­պար­հա­շի­նա­րա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ՝ 12 տե­ղա­մա­սով: Դ­ժո­ւար ան­ցա­նե­լի շուրջ 116 ք.մ. եր­կա­րու­թեամբ ճա­նա­պար­հը ու­նի 10 եւ ա­ւե­լի մեթր լայ­նու­թիւն, ո­րուն 7 մեթ­րը կը կազ­մէ աս­ֆալ­տա­պատ եր­թե­ւե­կե­լի հա­տո­ւա­ծը: Նա­խորդ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին կա­ռու­ցո­ւած են ար­հես­տա­կան կա­ռու­ցո­ւածք­ներ, ինչ­պէս՝ ջրա­հե­ռաց­ման խո­ղո­վակ­ներ, ա­փա­պաշտ­պան կա­ռոյց­ներ, յե­նա­պա­տեր ու եզ­րա­քա­րեր, ինչ­պէս նաեւ վե­րա­նո­րո­գո­ւած են 17 մեծ ու փոքր կա­մուրջ­ներ: Ներ­կա­յիս կ­’ըն­թա­նան ճա­նա­պար­հի աս­ֆալ­տա­պատ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Բ­նա­կա­վայ­րե­րով անց­նող հա­տո­ւած­նե­րուն մէջ՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Գե­տա­ւա­նի եւ Ե­ղէգ­նու­տի մէջ, մայ­թեր կը կա­ռու­ցո­ւին:

Նո­յեմ­բեր 1ի դրու­թեամբ ամ­բողջ ճա­նա­պար­հը ու­նի ա­ւե­լի քան 49 ք.մ. աս­ֆալ­տի երկ­շերտ ծած­կոյթ: Մ­նա­ցած հա­տո­ւած­նե­րուն մէջ կ­’ի­րա­կա­նա­ցո­ւին ճա­նա­պար­հի հիմ­նա­տա­կի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­ներ: Ձմ­րան շրջա­նին կ­’ի­րա­կա­նա­ցո­ւին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ, մաս­նա­ւո­րա­պէս խի­ճի, ա­ւա­զի եւ այլ անհ­րա­ժեշտ նիւ­թե­րու պա­հես­տա­ւո­րում, ինչ­պէս նաեւ աս­ֆալտ-բե­տո­նէ գոր­ծա­րա­նի եւ ճա­նա­պար­հա­շի­նա­րա­րա­կան մե­քե­նա­նե­րու եւ սար­քա­ւո­րում­նե­րու վե­րա­նո­րո­գում եւ հա­մալ­րում՝ գար­նան աշ­խա­տանք­նե­րը վերսկ­սե­լու նպա­տա­կով: Ա­ւե­լորդ չէ նշել, որ շի­նա­րա­րու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին ճա­նա­պար­հը եր­թե­ւե­կե­լի ե­ղած է նաեւ մար­դա­տար մե­քե­նա­նե­րու հա­մար:

Ու­ղիղ կապ ա­պա­հո­վե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րու մի­ջեւ, նոր մայ­րու­ղիի գոր­ծար­կու­մը ոչ միայն զգա­լիօ­րէն կը կրճա­տէ այն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծը, ո­րը այ­սօր անհ­րա­ժեշտ է Գո­րիս-Ս­տե­փա­նա­կերտ ճա­նա­պար­հով մէկ հան­րա­պե­տու­թե­նէն միւ­սին ու­ղե­ւո­րո­ւե­լու հա­մար, այ­լեւ կ­’ամ­րապն­դէ միջ-հա­մայն­քա­յին կա­պե­րը, կը նպաս­տէ յա­րա­կից հա­մայնք­նե­րու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման, կը խթա­նէ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը՝ աշ­խու­ժաց­նե­լով մեր եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու սո­ցիալ-տնտե­սա­կան կեան­քը: Ճա­նա­պար­հը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու­տայ նաեւ ծա­նօ­թա­նա­լու մեր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րուն ու վա­յե­լե­լու հայ­րե­նի բնաշ­խար­հի գե­ղեց­կու­թիւ­նը:

Նա­խորդ տա­րի­նե­րուն ճա­նա­պար­հի մեր­ձա­կայ հա­մայնք­նե­րուն մէջ ի­րա­կա­նա­ցած են շարք մը են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­ներ.- Քար­վա­ճա­ռը եւ Գե­տա­ւա­նը ու­նին կա­նո­նա­ւոր ջրա­մա­տա­կա­րա­րում, Չա­փա­րը, Վե­րին Հո­ռա­թաղն ու Վա­ղու­հա­սը՝ նո­րա­կա­ռոյց դպրոց­ներ, եւ այ­սօր հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­ներ կը կա­ռու­ցո­ւին Գե­տա­ւան եւ Կո­ճո­ղուտ գիւ­ղե­րուն մէջ:

Բա­րե­կարգ մայ­րու­ղիի առ­կա­յու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու­տայ ոչ միայն կեան­քի կո­չե­լու շրջա­կայ հա­մայնք­նե­րու կեանքն ու կեն­ցա­ղը բա­րե­լա­ւող ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­ներ, այ­լեւ զարկ կու­տայ զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րուն՝ գիւ­ղա­ցիին ա­պա­հո­վե­լով կա­յուն ե­կա­մու­տով, փո­խե­լով ա­նոր կեան­քի ո­րա­կը: