Վեր­ջին 10 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին 87.986 հո­գի Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­ցած է: Մինչ 2009ին 4323 հո­գիի շնոր­հո­ւած է քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, 2010ին այդ թի­ւը գրե­թէ կրկնա­պատ­կո­ւե­լով՝ հա­սած է 9588ի: Սա­կայն, 2011էն սկսեալ, երբ սկսան հաս­նիլ Սու­րիա­յէն ա­ռա­ջին գաղ­թող­նե­րը, այդ թի­ւը զգա­լի կեր­պով բարձ­րա­ ցած է, հաս­նե­լով՝ 14.992ի: Ա­մէ­նէն բարձր ցու­ցա­նի­շը ար­ձա­նագրուած է 2013ին՝ 21.142ով, որ ուղ­ղա­կի առն­չո­ւած է սու­րիա­հա­յե­րու հոս­քին: Այ­դու­հան­դերձ, 2014էն սկսեալ կը նշմա­րո­ւի թե­թեւ նա­հանջ մը՝ 13.252ով. ե­րե­ւոյթ մը, որ 2015ի ա­ռա­ջին տա­սը ա­միս­նե­րուն ալ հաս­տա­տուած է, քա­նի Հոկ­տեմ­բե­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան միայն 7540 հո­գի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­ցած էր: