­«­Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի Ա.Մ.Ն. ա­րե­ւե­լեան ա­փի տե­ղա­կան մարմ­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կ­’ի­րա­կա­նա­ցո­ւի Ե­րե­ւա­նի ­Չայքովս­կիի ա­նո­ւան միջ­նա­կարգ ե­րաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի լայ­նա­ծա­ւալ հիմ­նա­նո­րո­գում եւ ար­դիա­կա­նա­ցում:

­Հիմ­նո­վին կը վե­րա­նո­րո­գո­ւին 1973 թո­ւա­կա­նին կա­ռու­ցո­ւած շէն­քի ե­րեք մաս­նա­շէն­քե­րը (4958 ք.մ.): ­Թե­քա­հար­թակ­նե­րու կա­ռու­ցումն ու վե­րե­լա­կի տե­ղադ­րու­մը ոչ միայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու­տան յե­նա­շար­ժո­ղա­կան խնդիր­ներ ու­նե­ցող­նե­րուն ու­սա­նելու հոն, այ­լեւ կը դիւ­րաց­նեն սա­նե­րու տե­ղա­շար­ժը կրթօ­ջա­խէն ներս: Իսկ նոր կա­ռու­ցո­ւող բե­մա­հար­թա­կը ժա­մա­նա­կա­կից ո­րակ կը հա­ղոր­դէ հա­մեր­գաս­րա­հին:

­Վե­րա­նո­րո­գու­մէն ան­մասն չի մնար նաեւ շէն­քի ներ­քին բա­կը. կ­’ար­դիա­կա­նա­ցո­ւի լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը, կը տե­ղադ­րո­ւին տա­ղա­ւար­ներ ու նստա­րան­ներ, ո­րը դպրո­ցի շրջա­կայ­քը յար­մա­րա­ւէտ ու գե­ղե­ցիկ դարձ­նե­լէ բա­ցի, ա­ռա­ւել գրա­ւիչ պայ­ման­ներ կը ստեղ­ծէ ուս­ման եւ ժա­ման­ցի հա­մար: 

­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Չի­նաս­տա­նի ­Ժո­ղովր­դա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թիւնն ալ իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է ծրագ­րին՝ 10.000 Ա.Մ.Ն. տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­ներ նո­ւի­րա­բե­րե­լով մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցին:

­Նա­խորդ տա­րի­նե­րուն ­Հիմ­նադ­րա­մը տար­բեր ծրագ­րե­րով ա­ջակ­ցած է այս կրթօ­ջա­խին: 2011թո­ւա­կա­նին ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Զո­ւի­ցե­րիա­յի տե­ղա­կան մարմ­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ հիմ­նուած է աու­դիո-վի­զո­ւալ տար­րա­լու­ծա­րան՝ անհ­րա­ժեշտ սար­քա­ւո­րում­նե­րով, ձայ­նա­դա­րա­նով ու ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րով: ­Վե­րա­նո­րո­գու­մէն ետք մաս­նա­գի­տա­կան այս սե­նեա­կը կը գոր­ծէ ար­դիա­կա­նա­ցած պայ­ման­նե­րով: 2012 թո­ւա­կա­նին ալ ­Հիմ­նադ­րա­մի Աւստ­րա­լիա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նը ա­ջակ­ցած է դպրո­ցի կա­հա­ւոր­ման:

2014 թո­ւա­կա­նին կրթօ­ջա­խը հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ տօ­նեց հիմ­նադր­ման 75ա­մեա­կը: 1939 թ. հիմ­նո­ւած դպրո­ցին մէջ այ­սօր կ’ու­սա­նի ա­ւե­լի քան 600 ա­շա­կերտ, ո­րոնք հան­րակր­թա­կա­նին զու­գա­հեռ բարձ­րա­կարգ ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւն կը ստա­նան դպրո­ցին մէջ: ­Մե­ծա­նուն յօ­րի­նող Ա­րամ ­Խա­չատը­րեան հա­րուստ ա­ւան­դոյթ­նե­րով այս կրթօ­ջա­խը ա­նո­ւա­նած է ե­րա­ժիշտ­նե­րու դարբ­նոց: Դպ­րո­ցի տնօ­րէն ­Մար­տուն ­Կոս­տան­դեա­նի խօս­քով՝  տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ի­րենց սա­նե­րը կը մաս­նակ­ցին ազ­գա­յին ու մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ­նե­րուն, շա­տերն ալ յա­ջո­ղու­թեամբ հան­դէս կու­գան հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մե­րէ:  Տ­նօ­րէ­նը հպար­տու­թեամբ կը նշէ, որ դպրո­ցի հիմ­նը հե­ղի­նա­կած է դպրո­ցի սան Ա­լեք­սանդր ­Յա­րու­թիւ­նեան: