Ե.Ա.Հ.Կ. ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու շփման գի­ծին վրայ, դի­տար­կում կա­տա­րած է ­Մար­տա­կերտ-­Թար­թառ հա­տուա­ծին մէջ` Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ: ­Դի­տարկ­ման ըն­թաց­քին Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եւ

Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ան­ցած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան տա­րածք` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի կող­մէ: ­Դի­տարկ­ման ա­ւար­տին սա­կայն ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մէ կրա­կոց­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւած են:

Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ ­Ճէյմզ Ո­ւոր­լիք դի­տարկ­ման անդ­րա­դառ­նա­լով` ­Թո­ւի­թը­րի իր է­ջին վրայ գրած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ.ի դի­տարկ­ման ըն­թաց­քին կրա­կոց­նե­րը ան­թոյ­լատ­րե­լի են: «Շփ­ման գի­ծը անց­նե­լու պա­հուն շա­րու­նա­կո­ւող կրա­կոց­նե­րը Ե.Ա.Հ.Կ.ի դի­տորդ­նե­րուն ստի­պե­ցին պատս­պա­րո­ւե­լու. ա­սի­կա ա­նըն­դու­նե­լի է»,- գրած է Ո­ւոր­լիք: ­Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը 27 ­Հոկ­տեմ­բե­րին հրա­պա­րա­կեց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը այն մա­սին, որ իբր թէ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րո­ւած դի­տարկ­ման ըն­թաց­քին հայ­կա­կան կող­մը խախ­տած է զի­նա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը՝ պա­տաս­խա­նե­լով այս ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան` յայտ­նած է, որ ա­սի­կա հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ որ­դեգ­րուած հեր­թա­կան քա­րոզ­չա­կան հնարքն է եւ ի­րա­կա­նու­թեան չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ:

«Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած դի­տարկ­ման ըն­թաց­քին պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած են ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րուն եւ խստօ­րէն պահ­պա­նած են զի­նա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը: Ընդ­հա­կա­ռակն` դի­տարկ­ման ա­ւար­տին ատրպէյ­ճա­նա­կան կող­մը, ի­րեն բնո­րոշ գոր­ծե­լաո­ճով, կրա­կոց­ներ ար­ձա­կած է»,- նշո­ւած է հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ: