Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց դաշ­նակ­ցա­յին նա­խա­րա­րու­թեան Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ շրջա­նի եր­կիր­նե­րու հար­ցե­րով յա­տուկ յանձ­նա­կա­տար Անտ­րէաս Պեշ­քէ, Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, յայ­տա­րա­րած է, որ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը ան­կախ կա­ռոյց է եւ դժո­ւար է ը­սել, թէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին առն­չու­թեամբ ի՛նչ ո­րո­շում կա­րե­լի է կան­խա­տե­սել:

Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ այ­ցե­լու­թե­նէն ետք լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Անտ­րէաս Պեշ­քէ ը­սած է.- «­Չեմ գի­տեր, թէ ի՛նչ ո­րո­շում կա­րե­լի է կա­յաց­նել, քա­նի որ խորհր­դա­րա­նը ան­կախ մար­մին է, եւ իւ­րա­քան­չիւր անձ ու­նի ա­զատ կամ­քի ար­տա­յայտ­ման ի­րա­ւունք: Սա­կայն կը կար­ծեմ, թէ Գեր­մա­նիա պէտք է պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նէ եւ այդ առնչու­թեամբ քայ­լեր կա­տա­րէ»,- դի­տել տո­ւած է Պեշ­քէ: Ա­նոր հա­մա­ձայն, այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին նմա­նա­տիպ քայ­լեր ար­դէն առ­նո­ւած են, օ­րի­նակ` Պեր­լի­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պա­տա­րագն ու նա­խա­գա­հին ե­լոյ­թը:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մին վրայ ինչ­պի­սի՞ ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քե­լի Թուր­քիոյ մէջ կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը` Պեշ­քէն ը­սած է, որ ա­նոնք եր­կու տար­բեր հար­ցեր են, եւ մէ­կը միւ­սին հետ կապ չու­նի: Անդ­րա­դառ­նա­լով այն դի­տար­կու­մին, որ Մեր­քել Թուր­քիոյ մէջ ը­սած է, որ ներ­կայ դրու­թեամբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան քննարկ­ման հար­ցը օ­րա­կար­գա­յին չէ, քա­նի որ ներ­կայ դրու­թեամբ Գեր­մա­նիոյ գլխա­ւոր խնդի­րը գաղ­թա­կան­ներն են, յա­տուկ յանձ­նա­կա­տա­րը ը­սած է.- «Ես կ­՛ը­սեմ, որ պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր է գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն հա­մար, քա­նի որ մենք շատ զգա­ցա­կան կեր­պով կը մօ­տե­նանք այդ հար­ցին: Մենք ու­նե­ցած ենք տար­բեր քննար­կում­ներ Ող­ջա­կի­զու­մին կա­պո­ւած: Ա­սի­կա այլ հարց է, իսկ գաղ­թա­կան­նե­րուն, փախս­տա­կան­նե­րուն խնդի­րը, այլ հարց է: Ներ­կայ դրու­թեամբ ա­նի­կա նոյն­պէս շատ կա­րե­ւոր է, քա­նի որ օ­րա­կան 10.000 փախս­տա­կան կը մտնէ»,- յայտ­նած է Պեշ­քէն:

Ն­շենք, որ Անտ­րէաս Պեշ­քէ Հա­յաս­տան ե­կած է շրջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեամբ: Ան­կէ ա­ռաջ ան այ­ցե­լած է Պա­քու եւ Թիֆ­լիս: Ե­րե­ւա­նի մէջ ան հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Կա­րէն Նա­զա­րեա­նի հետ: