Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, 26 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձաւ սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւին: Ան նախ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը վաղուց սկսած է քարոզարշաւի, մինչեւ իսկ` Ազգային Ժողովին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու քննարկման: Հ.Յ.Դ.ն հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կուսակցական կոմիտէութեանց կեդրոններուն մէջ հաւաքներ կազմակերպած է` քննարկելով կոմիտէութիւններուն արծարծած հարցերը:
«Հիմա արդէն պիտի ստեղծուի ղեկավարման մարմին. Գերագոյն Մարմինն է, որ ես պիտի համակարգեմ: Նաեւ՝ մարզերուն մէջ պիտի ունենանք մեր մարմինները, ըստ նպատակայարմարութեան` պիտի ունենանք ղեկավարման մարմիններ կարգ մը շրջաններու մէջ: Քարոզարշաւը ընթացքի մէջ է մամուլով եւ պատկերասփիւռի կայանով: Կազմած ենք աշխատանքի պատկերացում` մարզեր այցելութիւններու համար, ատիկա պիտի քննարկենք մեր մարզային կոմիտէներու պատասխանատուներուն հետ` 1 Նոյեմբերին: Մենք ծրագրած ենք իւրաքանչիւր մարզի մէջ ունենալ երեք-չորս հանդիպում, անոնք պիտի ըլլան ժողովուրդին հետ սրահներու մէջ կայացած հանդիպումներ: Նաեւ պէտք է քննարկում կատարենք մեր գործընկերներուն հետ, թերեւս անոնք պիտի ուզեն աւելցնել այդ հանդիպումներուն թիւը»,- յայտնեց Աղուան Վարդանեան:
Ան նշեց, որ ղեկավարման մարմինին մէջ կատարուած է աշխատանքի բաժանում. խումբ մը պիտի զբաղի քարոզչական նիւթերու պատրաստութեամբ, զանոնք տարածելով, այլ խումբ մը պիտի զբաղի նախընտրական հիմնադրամի աշխատանքներով, միւսը` հանդիպումներու կազմակերպման աշխատանքներով: Երեւանի մէջ եւս Դաշնակցութիւնը կը ծրագրէ ունենալ հանդիպումներ, կազմակերպել մասնագիտական, ոլորտային քննարկումներ՝ տարբեր խումբերու հետ: «Այս մէկ ամիսը կրնաք որակել մեր աշխոյժ քարոզչութեան ժամանակաշրջանը»,- նշեց Աղուան Վարդանեան: