Աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ Ար­ցախ այ­ցե­լած Հ.Օ.Մ.ա­կան­նե­րուն ի պա­տիւ՝ Հ.Օ.Մ.ի Ար­ցա­խի միա­ւո­րը կազ­մա­կեր­պած էր պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ-դրա­մա­հա­ւաք` Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի կա­ռուց­ման նպա­տա­կով: Ճաշ­կե­րոյ­թին ներ­կայ էին Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­

սեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի փոխ-վար­չա­պետ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ Վահ­րամ Բա­լա­յեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­ներ եւ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ: «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի շի­նա­րա­րու­թեան նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պո­ւած դրա­մա­հա­ւաք-ճաշ­կե­րոյ­թին հա­ւա­քո­ւած է անհ­րա­ժեշտ գու­մա­րին կէ­սէն ա­ւե­լին` 647 հա­զար տո­լար: Ճաշ­կե­րոյ­թին ամ­բողջ հա­սոյ­թը յատ­կա­ցո­ւած է Հ.Օ.Մ.ի Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի կա­ռուց­ման:
Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին Հ.Օ.Մ.ա­կան­նե­րը եւս կա­տա­րած են նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի տրա­մադ­րո­ւին նոյն նպա­տա­կին: «Ա­պա­ռաժ»ի թղթա­կի­ցին հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, Հ.Օ.Մ.ի ա­րե­ւե­լեան ա­փի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու եւ «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի շի­նա­րա­րու­թեան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Ան­ժել Մա­նու­կեան նշած է, որ Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւ­նը 3 ա­մի­սէ ի վեր քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­ներ կը տա­նի աշ­խար­հի Հ.Օ.Մ.ի բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն հետ, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ այս ար­դիւն­քին հաս­նիլ: «Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րուս հա­մար պա­տիւ է Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ ու­նե­նալ ար­դիա­կան պա­հանջ­նե­րով յա­գե­ցած ման­կա­պար­տէզ: Մենք ջանք ու ե­ռանդ պի­տի չխնա­յենք Ար­ցա­խի «­Սօ­սէ» 12 ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցի վե­րա­նո­րոգ­ման ծրա­գի­րը շա­րու­նա­կա­կան դարձ­նե­լու հա­մար»,- յայտ­նած է Ա. Մա­նու­կեան` ա­ւելց­նե­լով, որ եր­կու տա­րի ետք` 2017 թո­ւա­կա­նին, Հ.Օ.Մ.ի աշ­խար­հաս­փիւռ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պի­տի հա­մախմ­բո­ւին Ար­ցա­խի մէջ` տօ­նա­կա­տա­րե­լու «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի նոր շէն­քին բա­ցու­մը:

 

Հ.Օ.Մ.ա­կան­նե­րը այ­ցե­լած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Հ.Յ.Դ. «­Նի­կոլ Դու­ման» Կեդ­րոն

13 Հոկ­տեմ­բե­րին Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան նա­խորդ ա­տե­նա­պետ Վի­քի Մա­րաշ­լեան, նո­րըն­տիր ա­տե­նա­պետ Քա­րո­լին Շ­մա­ւո­նեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան կող­մէ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար կեան­քի կո­չո­ւած դրա­մա­հա­ւա­քի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ Հու­րի Նա­ճա­րեան եւ Ան­ժել Մա­նու­կեան այ­ցե­լած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Հ.Յ.Դ. «­Նի­կոլ Դու­ման» Կեդ­րոն:

 

Ա­նոնք հան­դի­պում ու­նե­ցած են Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նի, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան փոխ-վար­չա­պետ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեա­նի, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Վահ­րամ Բա­լա­յեա­նի, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ, «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­մէն Սարգ­սեա­նի եւ Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ան­դամ Լեռ­նիկ Յով­հան­նի­սեա­նի հետ:

 

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են Հ.Յ.Դ. քոյր կա­ռոյ­ցի` Հ.Օ.Մ.ի հետ փո­խա­դարձ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ծրա­գիր­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

 

Հան­դի­պում Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի Հետ

 

Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան 12 Հոկ­տեմ­բե­րին հան­դի­պում ու­նե­ցած է Հ.Օ.Մ.ի 71րդ հա­մա­հայ­կա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն հետ` ա­տե­նա­պետ Քա­րո­լին Շ­մա­ւո­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

 

Նա­խա­գա­հը բարձր գնա­հա­տած է Հ.Օ.Մ.ի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ հա­մա­հայ­կա­կան տար­բեր ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման եւ Ար­ցա­խի ցու­ցա­բե­րո­ւող մնա­յուն ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:

 

Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ Վի­քի Մա­րաշ­լեա­նին եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար զինք պար­գե­ւատ­րած է «­Վա­չա­գան Բա­րե­պաշտ» մե­տա­լով:

 

Նա­խա­գա­հը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թած է նո­րըն­տիր ա­տե­նա­պետ Քա­րո­լին Շ­մա­ւո­նեա­նին` իր պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տան­քին մէջ: