altՀոկ­տեմ­բեր 11ին Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ Պար­գեւ Ար­քե­պիս­կո­պոս Մար­տի­րո­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, տե­ղի  ու­նե­ցած է Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ»  ման­կա­պար­տէ­զի նոր շէն­քի հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս մա­սին կը գրէ Aparaj.am:

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Լ.Ղ.Հ. փոխ-­վար­չա­պետ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կ.Կ. ան­դամ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կ.Կ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ա.Ժ. «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, Լ.Ղ.Հ. Ա.Ժ. փոխ-­նա­խա­գահ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կ.Կ. ան­դամ Վահ­րամ Բա­լա­յեան, Լ.Ղ.Հ. կրթու­թեան, գի­տու­թեան  եւ մարմ­նակր­թու­թեան նա­խա­րար Ս­լա­ւա Աս­րեան, Լ.Ղ.Հ. քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Շահ­րա­մա­նեան, պաշ­տօ­նա­տար այլ ան­ձիք, աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ Ար­ցախ ժա­մա­նած Հ.Օ.Մ.ու­հի­ներ: Հ.Օ.Մ.ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նախորդ ա­տե­նա­պետ Վի­գի Մա­րաշ­լեան իր խօս­քին մէջ նշեց, որ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ»  ման­կա­պար­տէ­զը ա­ռա­ջին ման­կա­պար­տէզն էր, որ 1998ին հիմ­նո­ւած է Հ.Օ.Մ.ի կող­մէ: «­Ման­կա­պար­տէ­զը հիմ­նո­ւած է ա­զա­տագ­րա­կան օ­րե­րէն յե­տոյ եւ պէտք է իր զօ­րա­ւոր հիմ­քե­րով գո­յա­տե­ւէ հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներ,- ը­սած է Վի­գի Մա­րաշ­լեան,- պա­տե­րազ­մէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւ­նը ներ­կայ էր Ար­ցա­խի մէջ: Ե­կանք եւ հիմ­նե­ցինք մեր ման­կա­պար­տէզ­նե­րը` մտադ­րու­թիւն ու­նե­նա­լով կրթելու նոր սե­րուն­դը, մեր ա­պա­գայ զի­նո­ւորն ու հրա­մա­նա­տա­րը: Այս ա­պա­գա­յով լե­ցուն ե­րե­խանե­րը մե­զի կը խրա­խու­սեն ա­ռաջ տա­նե­լու մեր աշ­խա­տանք­նե­րը: 15 հա­զար Հ.Օ.Մ.ու­հի­ներս զի­նո­ւո­րի պէս կանգ­նած` պատ­րաստ ենք ա­մէն կերպ ա­ջակ­ցե­լու Ար­ցա­խին եւ ար­ցախ­ցիին»: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Լ.Ղ.Հ. փոխ-­վար­չա­պետ, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ. ան­դամ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեա­նին` ման­կա­պար­տէ­զի ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու հար­ցին մէջ օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար: Նել­լի Ղու­լեան, որ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի ստեղծ­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն մինչեւ այ­սօր կը հան­դի­սա­նայ ման­կա­պար­տէ­զի տնօ­րէ­նը, խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց  բո­լոր այն մար­դոց, ո­րոնց շնոր­հիւ կ’ի­րա­կա­նա­նայ ման­կա­պար­տէ­զի վե­րա­կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը. «Այս տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում մենք կրթել եւ դաս­տիա­րա­կել ենք ա­ւե­լի քան 2000 մա­նուկ­նե­րի եւ հա­ւա­տա­ցած ենք, որ  դեռ հա­զա­րա­ւոր­նե­րին կ’ըն­դու­նենք մեր ման­կա­պար­տէզ` ճիշդ եւ հա­յե­ցի կրթե­լու հա­մար: Նոր շէն­քը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նի ար­դի բո­լոր պայ­ման­նե­րին: Այն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը տայ մեզ դաս­տիա­րա­կե­լու 120-150 ե­րե­խա­նե­րի: Մենք սի­րով կը շա­րու­նա­կենք այն գոր­ծը, ո­րը սկսել ենք Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մից ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ»: Ն­շենք, որ ման­կա­պար­տէ­զի հին շէն­քը փլուած է սոյն թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տո­սին եւ ան­մի­ջա­պէս սկ­սած են ­շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը: Շէն­քը պատ­րաստ կ’ըլ­լայ շա­հա­գործ­ման 2017 թուա­կա­նի Մա­յի­սին: