Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւնները պիտի սկսին մինչեւ տարեվերջ: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ` այս մասին կը նշուի Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին մէջ: Հոկտեմբեր 12ին Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը հրամա նագիր ստորագրած է Հայաստանի եւ ԵՄի միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկին համար: Նոր համաձայնագիրը պիտի փոխարինէ այժմ գործող Հայաստան-Ե.Մ. Գործընկերութեան եւ Համագործակցութեան Համաձայնագիը: «Ե.Մ. յանձնառու է Արեւելեան Գործընկերութեան ծիրէն ներս Հայաստանի հետ շարունակաբար զարգացնելու եւ ամրապնդելու համապարփակ համագործակցութիւն` համատեղ կարեւորութեան բոլոր ոլորտներու մէջ»,- կ՛ըսուի կայքին մէջ:
Արեւելեան Գործընկերութեան Ռիկայի գագաթնաժողովի ընթացքին, 2015 թուականի Մայիս 22ին, Եւրոպական Միութիւնը եւ Արեւելեան Գործընկերութեան երկիրները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, որ կ՛ողջունէ Ե.Մ.ի եւ Հայաստանի միջեւ նոր համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ փոխ-համաձայնութիւնը: