altԱր­մա­ւի­րի մար­զին մէջ աղ­բի վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րա­նի կա­ռուց­ման եւ ջեր­մո­ցա­յին տնտե­սու­թիւն հիմ­նե­լու ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ: Գոր­ծա­դի­րի նիս­տի ժա­մա­նակ Հ.Հ. տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րի տե­

ղա­կալ Վա­չէ Տէր­տէ­րեան ներ­կա­յա­ցուց ծրագ­րի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը:

«Ար­մէնփ­րե­ս»ի փո­խանց­մամբ` հա­մա­ձայն ներդրու­մա­յին ծրագ­րին, հայ-չե­խա­կան «Կ­րի­նէ­քօ» սահ­մա­նա­փակ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ ըն­կե­րու­թիւ­նը կը պատ­րաստուի աղ­բի վե­րամշակ­ման գոր­ծա­րան կա­ռու­ցե­լու եւ ջեր­մատը­նա­յին տնտե­սու­թիւն հիմ­նե­լու՝ Ար­մա­ւիր քա­ղա­քի վար­չա­կան տա­րած­քի հիւ­սի­սա­յին մա­սէն գոր­ծող աղ­բա­վայ­րի յա­րա­կից տա­րած­քին՝ 15 հա. մա­կե­րե­սով հո­ղա­տա­րա­ծու­թեան վրայ:

«­Ծրա­գի­րը շուրջ 33 մի­լիոն եւ­րօ ար­ժո­ղու­թիւն ու­նի, ո­րից 21 մի­լիոն եւ­րօ նա­խա­տե­սո­ւած է աղ­բի վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րա­նի, 11 մի­լիոն եւ­րօ` ջեր­մո­ցա­յին տնտե­սու­թեան հա­մար: Իսկ 1 մի­լիոն եւ­րօ էլ այլ ծախ­սե­րի հա­մար: Ծ­րա­գիրն ամ­բող­ջու­թեամբ մաս­նա­ւոր գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւնք է»,- ը­սած է Վա­չէ Տէր­տէ­րեան: Վար­չա­պե­տի հար­ցու­մին, թէ կա՞ն ար­դեօք ժամ­կէտ­ներ, փոխ-նա­խա­րա­րը նշած է, որ ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած է 7 տա­րո­ւան ժամ­կէ­տը, բայց ա­տի­կա պարզ պի­տի դառ­նայ ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րը հաս­տա­տե­լէն ետք:

Մէկ այլ ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծով՝ Վա­չէ Տէր­տէ­րեան ա­ռա­ջար­կեց կա­ռա­վա­րու­թեան հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նաց­նել Ար­մա­ւի­րի մար­զի Ար­մա­ւի­րի քա­ղա­քա­յին հա­մայն­քին մէջ աղ­բի վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րան եւ ջեր­մո­ցա­յին տնտե­սու­թիւն հիմ­նե­լու նպա­տա­կով հո­ղա­մա­սը ուղ­ղա­կի վա­ճառ­քի ձե­ւով օ­տար­ման հա­մա­ձայ­նու­թիւն տա­լու մա­սին ո­րո­շու­մը: