Այս արշաւով «ONEArmenia»-ն կ՛ընդլայնէ սահմանները` դուրս գալով մայրաքաղաքէն դէպի Հայաստանի բնաշխարհը եւ արդիւնաբերական մայրաքաղաքէն դուրս գտնուող համայնքներ:
«HIKEArmenia»-ն նախաձեռնութիւն մըն է, որ արդէն քանի մը տարիէ կազմակերպութեան նպատակներու ցանկին վրայ է: 1Aի համահիմնադիր եւ թուային մարքեթինկի մասնագէտ Պատրիկ Սարգսեանի խօսքով` իրենք պիտի համագործակցին շարք մը ոլորտներու մասնագէտներու հետ` արշաւներու (hiking) ոլորտը հիմնովին զարգացնելու նպատակով:
«Գաղափարը առաջացել է այն պատճառով, որ չնայած Հայաստանում կան հազարաւոր արշաւային ուղիներ, միեւնոյն է, դրանցից միայն մի քանիսն են քարտէզագրուած: Եւ նոյնիսկ այդ դէպքում Հայաստանում ուղղակի չկայ արշաւի որեւէ ստանդարտ ընթացակարգ եւ դա երկրի ամենագեղեցիկ շրջանները դարձնում է անհասանելի Հայաստան այցելողի համար: Հայաստանի շրջաններն արտաքին աշխարհից մեկուսացուած են: Արտաքին կապերի բացակայութեան հետեւանքները եւս դարձել են սոցիալական եւ տնտեսական խնդիրների պատճառ գիւղերում»,- ըսած է ան:
Ատոր համար ալ «HIKEArmenia»ի առաջին քայլը պիտի ըլլայ տեղական արշաւներու մասնագէտներու հետ միանալ ու Հայաստանի մէջ քանի մը արշաւային ուղիներ գծել` տեղացի արշաւականներու կողմէ ընդունած միջազգային չափանիշներուն համապատասխան:
Նախագիծի երկրորդ հատուածին մէջ պիտի ստեղծուի բջիջային հաւելուածի տեսքով հարթակ, ուր պիտի ըլլան Հայաստանի գլխաւոր արշաւային ուղիներու գործնական քարտէզ` ներառեալ կարեւոր տուեալները, տեղանքի պատմական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ արշաւի մասին (բարձրութիւն, երկարութիւն, բարդութեան մակարդակ):