Հոկ­տեմ­բեր 7ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին Հե­ռա­տե­սի­լի լրագ­րո­ղին հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմզ Ո­ւոր­լիք յայտ­նած է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ նե­ցուկ կը կանգ­նի ա­մե­րի­կա­ցի ծե­րա­կու­տա­կան­ներ Էտ Ռոյ­սի եւ Է­լիըթ Էն­կը­լի կող­մէ՝ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին վրայ խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման ա­ջակ­ցե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեան, ո­րուն հա­մար ստո­րագ­րա­հա­ւաք մը սկսած է ար­դէն:

«­Մենք կող­մե­րուն հետ քննար­կած ենք այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ու կը շա­րու­նա­կենք ձեռ­նար­կել քայ­լե­րու, ո­րոնք պի­տի յան­գեց­նեն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հով տագ­նա­պի լուծ­ման»,- յայ­տա­րա­րած է ան: Ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րը ա­ռա­ջար­կած են խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ե­րեք հիմ­նա­կան քայ­լեր, ո­րոնց հա­մա­ձայն՝ անհ­րա­ժեշտ է ստա­նալ կող­մե­րուն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը շփման գի­ծէն ար­ձա­կա­զէն­նե­րը ետ քա­շե­լու, հրաձ­գա­յին տե­ղար­կու­նե­րու եւ ձայ­նա­յին սար­քա­ւո­րում­նե­րու հա­մա­կար­գեր տե­ղա­կա­յե­լու (շփման գի­ծին վրայ յար­ձա­կու­մի պա­տաս­խա­նա­տուն պար­զե­լու հա­մար) եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի լրա­ցու­ցիչ դի­տորդ­ներ ներգ­րա­ւե­լու հա­մար: