Ռ.Դ.ն ու Հ.Հ.ն միջուկային անվտանգութեան մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանակեն
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ռուսիա եւ Հայաստան միջուկային անվտանգութեան շուրջ տեղեկութիւններ պիտի փոխանակեն: Համապատասխան կարգը հաստատուած է Հոկտեմբեր 7ին, Երեւանի մէջ, Հ.Հ. ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեանի եւ «Ռոսատոմ» ռուսական պետական ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Քիրիենքոյի միջեւ կնքուած համաձայնագիրով: «Միջուկային վթարի պարագային գործնա կան ծանուցման եւ միջուկային ու ճառագայթային անվտանգութեան ոլորտին մէջ տեղեկութիւններու փոխանակման մասին» համաձայնագիրը կը բխի 1986ի Ա.Է.Մ.Գ. պահանջներէն: Կողմերը տեղեկութիւններ պիտի փոխանակեն ոչ միայն արտակարգ իրավիճակներու, այլ նաեւ խաղաղ հիւլէական կայաններու ընթացիկ վիճակին մասին: Հայկական Ա.Է.Կ.ի շահագործման ժամկէտներու երկարաձգման ծրագիրով 2 լրացուցիչ փաստաթուղթ ստորագրուած է: Յիշեցնենք, որ ռուսական կողմը անոր ֆինանսաւորման համար 30 միլիոն տոլար դրամաշնորհ եւ մինչեւ 270 միլիոն տոլար վարկային գիծ տրամադրած էր, որուն մասին համաձայնագիրը ստորագրուած էր 2014ի Դեկտեմբերին: