­altՀա­յաս­տա­նեան առ­ցանց lragir.am թեր­թին մէջ, մեկ­նա­բան ­Նա­յի­րա ­Հայ­րու­մեան վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րու լոյ­սին տակ շատ հե­տաքրք­րա­կան վեր­լու­ծում մը կա­տա­րած է ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գա­յին, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի վրայ ա­նոնց անդ­րա­դար­ձին մա­սին:

Յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կը գրէ.-  «­Նո­յեմ­բեր 1ին ­Թուր­քիոյ մէջ կը կա­յա­նան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, եւ դա­տե­լով վեր­ջին հար­ցա­խոյզ­նե­րէն` իշ­խա­նու­թեան Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի քիչ ձայն պի­տի ստա­նայ, քան ­Յու­նիս 7ի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Թր­քա­կան լրա­տու մի­ջոց­նե­րը կը գրեն, որ Էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տո­ւի նա­հան­ջի` նոյ­նիսկ ե­թէ մտա­դիր է յա­մառ պայ­քար մղե­լու մին­չեւ ընտ­րու­թիւն­նե­րը:
Ինք­զինք եւ իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը փրկե­լու հա­մար՝ Էր­տո­ղան մտած է հա­մա­պար­փակ գոր­ծըն­թաց­նե­րու մէջ: ­Մինչ վար­չա­պետ ­Տա­ւու­թօղ­լու կը փոր­ձէ պար­զել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Ռու­սաս­տա­նի հետ, որ խախ­տած է ­Թուր­քիոյ օ­դա­յին տա­րած­քը, Էր­տո­ղան մեկ­նած է Եւ­րո­պա, որ­պէս­զի կա­րե­ւոր հար­ցեր լու­ծէ:

Օ­րի­նակ, ան ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար պի­տի պա­հան­ջէ ա­ռանց այ­ցա­գի­րի մուտք Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն:

­Շատ հա­ւա­նա­կան է, որ ան ստա­նայ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ղե­կա­վար­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, սա­կայն ա­տոր հա­մար պի­տի ստի­պո­ւի քա­ղա­քա­կան քա­նի մը քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­լու:

Ա­ռա­ջի­նը` խստաց­նել սահ­մա­նա­յին վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը Ե­գէա­կան ծո­վուն մէջ, երկ­րոր­դը եւ գլխա­ւո­րը` «փճաց­նել» ­Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Ք­րեմ­լին կը յայ­տա­րա­րէ, որ ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այն­պէս մը կա­ռու­ցո­ւած են, որ կա­րե­լի չէ փճաց­նել: Ե­թէ ­Թուր­քիոյ առ­ջեւ ընտ­րու­թիւն դնեն Ա­րեւ­մուտ­քի եւ ­Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ, ան հա­զիւ թէ ընտ­րէ ­Ռու­սաս­տա­նը, մա­նա­ւանդ ե­թէ Ա­րեւ­մուտ­քը ո­րոշ զի­ջում­ներ ալ կա­տա­րէ: Այս ի­րա­վի­ճա­կը ինչ­պէ՞ս կրնայ ազ­դել ­Հա­յաս­տա­նի վրայ: Ռու­սաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ 18 պա­տե­րազմ ե­ղած է, եւ այդ պա­տե­րազմ­նե­րու որ­պէս հե­տե­ւանք կնքո­ւած պայ­մա­նագ­րե­րուն մէջ ան­պայ­ման ներ­կայ ե­ղած են հայ­կա­կան հո­ղե­րը եւ ­հա­յե­րը: ­Ներ­կա­յիս, ­Հա­յաս­տա­նը փաս­տօ­րէն նոյն­պէս բաժ­նո­ւած է ռուս-թրքա­կան պայ­մա­նագ­րե­րով` նոյ­նիսկ ե­թէ Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նը ձե­ւա­կան ան­կախ պե­տու­թիւն է:

Ռու­սաս­տա­նը եւ ­Թուր­քիան միշտ յա­ջո­ղած են հա­մա­ձայ­նիլ:Պէտք է են­թադ­րել, որ այս ան­գամ ալ կը յա­ջո­ղին: ­Հարցն այն է, թէ ո­րո՞ւ դիր­քե­րը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր կ­՚ըլ­լան պայ­մա­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­լու պա­հուն: ­Հա­յե­րը դար­ձեալ կը ստի­պո­ւին ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լու ի­րենց հո­ղե­րու բա­ժա­նու­մին, ե­թէ ան­ցեա­լի նման մնան ռուս-թրքա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ու­ղե­ծի­րին մէջ եւ չփոր­ձեն ձե­ւա­կա­նէն անց­նիլ ի­րա­կան ան­կա­խու­թեան»: