Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական Դրամատան փոխ-նախագահ Ներսէս Երիցեան Ազգային Ժողովին մէջ Կեդրոնական Դրամատան 2015ի դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին յայտարարած է, որ Կեդրոնական Դրամատան նախատեսութիւններուն համաձայն, 2015ի ըն թացքին 12 ամսեայ գնաճը պիտի տատանի հիմնականին մէջ 4 առ հարիւր +1,5 տոկոսային կէտ թոյլատրելի միջոցի վերի հատուածին մէջ եւ տարեվերջին պիտի մօտենայ նպատակային ցուցանիշին` կանխատեսուող հորիզոնի մնացեալ հատուածին մէջ կայունանալով ատոր շուրջ: «Արտաքին տնտեսական անբարենպաստ միջավայրի պարագային 2015ի տնտեսական աճի կշռոյթները պիտի դանդաղին, իսկ նախատեսուող հորիզոնի մնացեալ հատուածին մէջ պիտի արագանան` աստիճանաբար մօտենալով երկարաժամկէտ հաւասարակշիռ մակարդակին: Հակառակ անոր որ մեր սկզբնական նախատեսութիւնները բաւական բարձր են` այս տարի կրնայ արձանագրուիլ 2,5-3,8 առ հարիւրի տնտեսական աճ»,- նշած է Երիցեան` աւելցնելով, որ նախատեսուող հորիզոնին մէջ, որ Կեդրոնական Դրամատան համար երեք տարի է, կը նախատեսուի 3,5-4 առ հարիւրի տնտեսական աճ: Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը 2015ի համար կը նախատեսէ 2,5-3,8 տոկոսի տնտեսական աճ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական Դրամատան փոխ-նախագահ Ներսէս Երիցեան Ազգային Ժողովին մէջ Կեդրոնական Դրամատան 2015ի դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին յայտարարած է, որ Կեդրոնական Դրամատան նախատեսութիւններուն համաձայն, 2015ի ըն թացքին 12 ամսեայ գնաճը պիտի տատանի հիմնականին մէջ 4 առ հարիւր +1,5 տոկոսային կէտ թոյլատրելի միջոցի վերի հատուածին մէջ եւ տարեվերջին պիտի մօտենայ նպատակային ցուցանիշին` կանխատեսուող հորիզոնի մնացեալ հատուածին մէջ կայունանալով ատոր շուրջ: «Արտաքին տնտեսական անբարենպաստ միջավայրի պարագային 2015ի տնտեսական աճի կշռոյթները պիտի դանդաղին, իսկ նախատեսուող հորիզոնի մնացեալ հատուածին մէջ պիտի արագանան` աստիճանաբար մօտենալով երկարաժամկէտ հաւասարակշիռ մակարդակին: Հակառակ անոր որ մեր սկզբնական նախատեսութիւնները բաւական բարձր են` այս տարի կրնայ արձանագրուիլ 2,5-3,8 առ հարիւրի տնտեսական աճ»,- նշած է Երիցեան` աւելցնելով, որ նախատեսուող հորիզոնին մէջ, որ Կեդրոնական Դրամատան համար երեք տարի է, կը նախատեսուի 3,5-4 առ հարիւրի տնտեսական աճ: