4 ­Հոկ­տեմ­բեր 2015ին Ե­րե­ւա­նի Double Tree by Hilton հիւ­րա­նո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան (Հ.Օ.Մ.) ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վի բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: ­Հոկ­տեմ­բեր 4էն 9 Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւող ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցի նաեւ ­Սու­րիոյ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, որ յա­տուկ ­Հա­լէ­պէն ժա­մա­նած է ­Հա­յաս­տան: Այս մա­սին կը յայտ­նէ Perio newsը:

­Սու­րիոյ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նեն ըն­կե­րու­հի­ներ Հ­ռիփ ­Կա­նա­նեան, Ան­նա ­Տէր-­Յա­կո­բեան, ­Թա­լին ­Մի­նա­սեան եւ Ա­նի ­Մու­րա­տեան: Ն­շենք, որ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէ նաեւ Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկհ. ­Զե­փիւռ ­Ռէի­սեան: