altՀա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան առ­ջի օր ըն­դու­նած է Հա­յաս­տա­նի մէջ Ի­րա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Մո­հա­մետ Ռէ­յի­սին` դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տին ա­ռի­թով:

Նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է դես­պա­նին` պաշ­տօ­նա­վար­ման ան­ցեալ ե­րեք տա­րի­նե­րուն հայ-ի­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ու ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ ա­նոր ներդ­րած ջան­քե­րուն հա­մար եւ մաղ­թած յա­ջո­ղու­թիւն՝ հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ:

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ընդգ­ծած է, որ Ի­րա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի հա­մար կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նին եւ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած են ինչ­պէս պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րով, այն­պէս ալ փո­խա­դարձ տնտե­սա­կան շա­հե­րով, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դիր­քի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով, շրջա­նա­յին շարք մը խնդիր­նե­րու նկատ­մամբ ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցում­նե­րով:

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը եւ Ի­րա­նի դես­պա­նը եր­կուս­տեք կա­րե­ւոր նկա­տած եւ ար­ժե­ւո­րած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րո­ւած հա­րուստ օ­րա­կար­գի շրջա­գի­ծին մէջ շա­րու­նա­կա­բար խո­րա­ցող եւ տար­բեր մար­զեր նե­րա­ռող հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը` միա­ժա­մա­նակ ընդգ­ծե­լով բարձր մա­կար­դա­կի յա­ճա­խա­կի փո­խայ­ցե­լու­թիւն­ներ եւ պար­բե­րա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Դես­պան Մո­հա­մետ Ռէ­յի­սի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու ամ­բողջ ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րեն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւած ա­ջակ­ցու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­մար` ընդգ­ծե­լով, որ հե­տա­գա­յին ուր ալ որ շա­րու­նա­կէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը, իր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նին մէջ որ­քան որ կա­րե­լի է օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ բա­րե­կամ Հա­յաս­տա­նին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին, ո­րուն նկատ­մամբ յա­տուկ ջերմ վե­րա­բեր­մունք ու­նի: