2էն 3 ­Հոկ­տեմ­բե­րի լուս­ցող գի­շե­րո­ւան ըն­թաց­քին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ, հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թիւ­նը խախ­տո­ւած է շուրջ 130 ան­գամ, ո­րուն ըն­թաց­քին, տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ 60 (107 արկ) եւ 82 (16 արկ) միլ­լի­մեթր­նոց ա­կա­նա­նե­տե­րէ ու ՀԱՆ-17 (70 արկ) տի­պի նռնա­կա­նե­տէ հայ դիր­քա­պահ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կո­ւած է ա­ւե­լի քան 2000 կրա­կոց:

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան փո­խան­ցու­մով՝ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք` հա­կա­ռա­կոր­դին նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կա­սե­ցո­ւած են, պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը կո­րուստ­ներ չու­նի:

Ամ­փո­փե­լով շփման գի­ծին վրայ ան­ցած մէկ շա­բա­թը՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը նաեւ կը տե­ղե­կաց­նէ, որ 27 ­Սեպ­տեմ­բե­րէն 3 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ժա­մա­նա­կաշըր­ջա­նին ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թիւ­նը խախ­տո­ւած է շուրջ 900 ան­գամ, ո­րուն ըն­թաց­քին, տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ 60, 82 եւ 120 միլ­լի­մեթր­նոց ա­կա­նա­նե­տե­րէ եւ Ռպ.-7, Սպ.-9 եւ ­Հան-17 տի­պի նռնա­կա­նե­տե­րէ, հայ դիր­քա­պահ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կո­ւած է ա­ւե­լի քան 9000 կրա­կոց:

Ն­շո­ւած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հայ­կա­կան դիր­քե­րուն ուղ­ղու­թեամբ հա­կա­ռա­կոր­դը կի­րար­կած է ԹՐ-107 տի­պի հե­ռա­հար հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին կա­յանք: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կայ­քին փո­խան­ցու­մով՝ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը կը տի­րա­պե­տեն ի­րադ­րու­թեան եւ անհը­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին կը դի­մեն կան­խար­գե­լիչ եւ պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ­Սեպ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թիւ­նը խախ­տած է շուրջ 4000 ան­գամ, ո­րուն ըն­թաց­քին հայ դիր­քա­պահ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կո­ւած է ա­ւե­լի քան 60.000 կրա­կոց: «­Հա­կա­ռա­կոր­դի ոչ մէկ նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն ան­պա­տիժ մնա­ցած է, իսկ ի­րե­րու նման դա­սա­ւո­րու­թեան շա­րու­նա­կու­թեան պա­րա­գա­յին հայ­կա­կան կող­մին ձեռ­նար­կած քայ­լե­րը պի­տի ըլ­լան ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր, հե­տե­ւանք­նե­րը` ցա­ւոտ»,- նշո­ւած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: