Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շաբաթ՝ 3 Հոկտեմբերին ընդունած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի կազմակերպութեան (Հ.Ա.Պ.Կ.) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան: Նախագահի կայքին փոխանցումով՝ զրուցակիցները քննարկած են Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նստաշրջանին ընդունուած որոշումներուն կատարման ընթացքը եւ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Հ.Ա.Պ.Կ.ի գլխաւոր քարտուղարը անդրադարձած են կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն: Նաեւ՝ «քննարկած են վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտման հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը»,- նշուած է նախագահի կայքէջով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նալբանդեան ընդունած է Պորտիւժան
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 3 Հոկտեմբերին ընդունած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (Հ.Ա.Պ.Կ.) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով` զրուցակիցները անդրադարձած են Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի որոշումներուն կատարման ընթացքին եւ քննարկած կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան վերաբերող հարցեր:
Ի լրումն անցեալ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին քննարկուած Հայաստանի եւ Ազըրպէյճանի սահմանին ու ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին` զրուցակիցները անդրադարձած են իրադրութեան առնչուող խնդիրներուն:
Կողմերը բարձր գնահատած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի Հաւաքական Խաղաղապահ Ուժերու «Անխախտելի Եղբայրութիւն-2015» ռազմափորձերը:
Պորտիւժա.- «Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծումը մեզի համար անընդունելի է»
Հաւաքական
Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (Հ.Ա.Պ.Կ.) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա «Բաղրամեան» ռազմափորձին ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է, որ Հ.Ա.Պ.Կ.ի համար վերջին շրջանին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցածը անընդունելի է:
«Մեզի համար անընդունելի է, որ ռմբակոծուած են Հայաստանի տարածքները, ծանր զինատեսակներ օգտագործուած են խաղաղ բնակչութեան դէմ: Այդպիսի դէպքերը մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի են»,- յայտարարած է Պորտիւժա:
Հ.Ա.Պ.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ ընդգծած է, որ զիրենք կը մտահոգէ այն հանգամանքը, որ Հ.Ա.Պ.Կ.ի խորհուրդի, կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարութիւնները դրացի երկրին` Ատրպէյճանի վրայ որեւէ ազդեցութիւն չեն ձգեր: Ան յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ամէն ինչ ընէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ստանայ խաղաղ լուծում, եւ իրավիճակը աւելի չսրի:
Ըստ անոր՝ ներկայիս Իրաքի, Սուրիոյ եւ աշխարհի այլ «թէժ կէտերուն մէջ» տիրող իրավիճակը հաշուի առնելով` պէտք չէ արտօնել, որ յաւելեալ «թէժ կէտ» մը յառաջանայ:
Պորտիւժա նաեւ նշեց.- «Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի բանակը ունի բոլոր կարելիութիւնները երկրին անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար»:
Այն հարցումին, թէ ո՛ր պահուն Հ.Ա.Պ.Կ. պիտի միջամտէ, Պորտիւժա պատասխանեց, որ կազմակերպութիւնը կը միջամտէ այն պարագային, երբ Հ.Ա.Պ.Կ.ի անդամ պետութիւններէն մէկը ի զօրու չ՛ըլլար ապահովելու սեփական անվըտանգութիւնը եւ կայունութիւնը: «Այստեղ կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, որ պետութիւնը պէտք է անձամբ դիմէ Հ.Ա.Պ.Կ.ին` օգնութեան խնդրանքով: Եթէ պետութիւնը կը դիմէ այդպիսի խնդրանքով, Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդը կը քննարկէ այդ երկրին օգնութիւն տրամադրելու հարցը: Ատիկա կրնայ ըլլալ քաղաքական, ելեւմտական կամ զինուորական օգնութիւն: Ամէն ինչ կախեալ է Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշումէն, սակայն հիմքը այն կարեւոր հանգամանքն է, որ պետութիւնը պէտք է անձամբ օգնութեան խնդրանքով դիմէ»,- աւելցուցած է ան: