Սահմանամերձ գիւղերու այն դպրոցներուն, ուր լարուածութեան պատճառով դասերը ընդհատուած էին, Հ.Հ. Կ.Գ. նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի լաւագոյն մասնագէտներու մասնակցութեամբ, պիտի կազմակերպուին լրացուցիչ դասընթացքներ, իսկ կարգ մը դպրոցներ պիտի ստանան ուսումնական գոյք եւ համակարգիչներ: «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարեց Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան:Սեպտեմբերին ատրպէյճանական կողմը լարուածութիւն հրահրած էր սահմանին՝ գնդակոծութեան թիրախի մէջ պահելով նաեւ Հ.Հ. Տաւուշի մարզի սահմանամերձ բնակավայրերը: Հայկական գիւղերը նիւթական լուրջ վնասներ կրած են, դըպրոցներու մէջ դասերը ընդհատուած էին, դաշտերու մէջ որոշ ժամանակով անվտանգութեան նկատառումներով կանգ առած էր գիւղատնտեսական աշխատանքը: Ատրպէյճանական կրակոցներէն վիրաւորուած են ինչպէս զինծառայողներ, այնպէս ալ խաղաղ բնակիչներ, իսկ Բերդաւան եւ Պառաւաքար գիւղերու մէջ երեք քաղաքացի սպաննուած է: