Յա­նուն մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան «­Քար­նե­կի» հիմ­նադ­րա­մի վեր­լու­ծա­բան Թո­մաս տէ Վաալ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ սկսե­լու հե­տաքրք­րու­թիւն չի տես­ներ: Հոկ­տեմ­բեր 2ին Լ.Ղ. հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիի մէջ ի­րա­վի­ճա­կի սրման թե­մա­յով կազ­մա­կեր­պո­ւած քննարկ­ման ժա­մա­նակ Թո­մաս տէ Վաալ միա­ցած էր տե­սա­կա­մուր­ջի մի­ջո­ցով: Ան  ընդգ­ծած է, որ հայ­կա­կան կող­մի հա­մար պա­տե­րազ­մը ձեռն­տու չէ, քա­նի որ ի­րա­վի­ճա­կը ա­նոր օգ­տին է, իսկ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար պա­տե­րազ­մը մեծ վտանգ է, կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»:

«­Յայտ­նի չէ, թէ ին­չով կ’ա­ւար­տի պա­տե­րազ­մը Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար: Ա­տի­կա ա­ռա­ջին հեր­թին մեծ վտանգ է Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ  գոր­ծող վար­չա­կար­գին հա­մար: Ա­նոնք  այդ­պի­սի ռազ­մա­կան  կո­րո­ղու­թիւն չու­նին,  որ­պէս­զի  լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան  գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ սկսին: Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, յայտ­նի չէ, թէ ինչ­պէս կ’ար­ձա­գան­գէ Ռու­սիան, ե­թէ Ատր­պէյ­ճան պա­տե­րազմ սկսի»,- ը­սած է ան:

Թո­մաս տէ Վաալ ընդգ­ծած է, որ հա­կա­ռակ ա­տոր` Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի սրո­ւած է, քա­նի որ յատ­կա­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը շփման գի­ծին վրայ սկսած է մեծց­նել զի­նա­տե­սակ­նե­րու տրա­մա­չա­փը, ինչ որ շատ վատ է: «Ա­սի­կա կը վկա­յէ այն մա­սին, որ շփման գի­ծին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կրնայ ա­ւե­լի ա­ճել, որ կը յան­գեց­նէ տաս­նեակ զո­հե­րու: Սա կրնայ լուրջ հա­րո­ւած ըլ­լալ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին»,- ը­սած է վեր­լու­ծա­բա­նը:

Ան ընդգ­ծած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի խում­բը կը շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ` ա­ւելց­նե­լով, որ ա­նոր հիմ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քը դար­ձած է կար­գա­վի­ճա­կի պահ­պա­նու­մը, բա­նակ­ցող կող­մե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն` տա­րե­կան գո­նէ մէկ ան­գամ հան­դիպ­ման ա­պա­հո­վու­մը ի­րա­վի­ճա­կը վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ պա­հե­լու հա­մար:

«­Սա Մինս­կի խում­բի նո­ւա­զա­գոյն ա­ռա­ջադ­րանքն է, իսկ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­ռա­ջադ­րան­քը, ի հար­կէ, հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հաս­նիլն է: Սա­կայն ան­հաս­կա­նա­լի է, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է հաս­նիլ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման: Տե­սէք Ուք­րա­նիոյ օ­րի­նա­կը. բո­լո­րը կը ցան­կան, որ­պէս­զի այն­տեղ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տո­ւի, սա­կայն ի­րա­րու նկատ­մամբ անվըս­տա­հու­թիւ­նը եւ առ­կայ հա­կա­սու­թիւն­նե­րը թոյլ չեն տար ա­տոր հաս­նե­լու: Նոյն ի­րա­վի­ճա­կը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ է: Ի­րա­վի­ճակն իս­կա­պէս շատ վտան­գա­ւոր է, սա­կայն ա­մե­նա­մեծ վտան­գը կրնայ թե­թեւ սխա­լի մը պատ­ճա­ռով շփման գի­ծին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թեան ան­նա­խա­դէպ ա­ճի վե­րա­ծո­ւիլ»,- եզ­րա­փա­կած է տէ Վաալ: