Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱՍ­Կի մեծ ըն­տա­նի­քը ար­դէն ու­նի նոր բա­նա­կա­վայր: ­Մինչ մայ­րա­քա­ղա­քի Է­րե­բու­նի վար­չա­կան շրջա­նի ե­րե­ւա­նեան բա­նա­կա­վայ­րի վե­րա­բա­ցու­մը, սկաուտ­նե­րը ի­րենց բա­նա­կում­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պէին ­Բիւ­րա­կա­նի բար­ձուն­քին վրայ:

Ս­կաուտ­նե­րը նշած են, որ այս բա­նա­կա­վայ­րին բա­ցու­մը ոչ միայն դիւ­րու­թիւն կու տայ ա­նընդ­մէջ բա­նա­կում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու, այլ ի­րենց կի­րակ­նօ­րեայ հա­ւաք­նե­րը այս­տեղ պի­տի կա­տա­րո­ւին: ­Բա­նա­կա­վայ­րի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ըն­թացք ա­ռած են 2010ին: ­Կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­դի­սու­թեամբ ոչ միայն վե­րա­բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ հան­գու­ցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ­Հայկ ­Յով­սէ­փեա­նի ա­նու­նը կրող բա­նա­կա­վայ­րին, այլ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու 3րդ ­հանգ­րո­ւա­նին սկիզբ դրո­ւե­ցաւ: Դ­րօշ­նե­րու բարձ­րաց­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը կա­տա­րե­ցին հո­ղօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:

­Հան­գու­ցեալ ­Հայկ ­Յով­սէ­փեա­նի եղ­բօր` ­Վի­գէն ­Յով­սէ­փեա­նի խօս­քով, այս բա­նա­կա­վայ­րը լոկ շի­նու­թիւն կամ հո­ղա­շերտ չէ, ա­սի­կա կա­պո­ւած է Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱՍ­Կի ա­ռա­քե­լու­թեան հետ, ո­րով­հե­տեւ շուրջ 100 տա­րի այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը դաս­տիա­րա­կէ սե­րունդ­ներ: «Ս­կաու­տու­թիւ­նը կեան­քի ձեւ է, կար­գա­պա­հու­թիւն է, կեան­քի ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կարգ մըն է, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ ըլ­լա­լը ա­ռա­ւել պար­տա­ւո­րեց­նող է: Այս բա­նա­կա­վայ­րը աշ­խա­տան­քի միայն մէկ ե­րեսն է հայ­րե­նի հո­ղի վրայ: Այս­տեղ Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱՍ­Կը պի­տի հա­մախմ­բէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան, ազ­գայ­նա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն փո­խան­ցէ ա­նոնց: Ա­նոնց մէջ նոր, դէ­պի պայ­ծառ ա­պա­գան, ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը փոր­ձել սեր­մա­նե­լով»,- ը­սաւ ­Վի­գէն ­Յով­սէ­փեան:

Այս բա­նա­կա­վայ­րին բա­ցու­մը միու­թեան մեծ ծրա­գի­րի միայն մէկ օ­ղակն է: Օ­ղակ­նե­րէն մէկն էր նաեւ Ա­բո­վեա­նի մէջ գրա­սե­նեա­կի բա­ցու­մը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍ­Կի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Հ­րա­չեայ Շ­մա­ւո­նեա­նի խօս­քով` միու­թիւ­նը ա­մէն բան կը կա­տա­րէ, որ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շէն­քա­յին պայ­ման­նե­րէն դուրս գայ, քա­նի որ սկաու­տու­թեան հիմ­քը բնու­թիւնն է: