Լ.Ղ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Սեպ­տեմ­բեր 30ին տե­ղի ու­նե­ցած է Լ.Ղ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի 2րդ նս­տաշր­ջա­նի ա­ռա­ջին նիս­տը: ­Նախ­քան օ­րէնսդ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու անց­նի­լը, պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գած են վեր­ջին օ­ րե­րուն՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժին կող­մէ Հ.Հ. ­Տա­ւու­շի մար­զի գիւ­ղե­րուն եւ Լ.Ղ.Հ. հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն հրե­տա­կոծ­ման հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւած քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եւ զի­նո­ւոր­նե­րուն յի­շա­տա­կը: Ա.Ժ. նա­խա­գա­հը նշած է, որ հրա­դա­դա­րը խախ­տե­լու եւ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը սրե­լու ­Պա­քո­ւի ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը՝ «վեր­ջին օ­րե­րուն դրսե­ւո­րո­ւել է ան­նա­խա­դէպ լկտիու­թեամբ»: Ան ընդգ­ծած է, որ պար­բե­րա­կան զգու­շա­ցում­ներն ու ա­հա­զանգ­նե­րը՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, Մ.Ա.Կ.ին, Ե.Ա.Հ.Կ.ին եւ ­Մինս­կի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն կող­մէ, բա­ւա­րար ըն­կալ­ման չեն ար­ժա­նա­նար, ին­չի հե­տե­ւան­քով ­Պա­քո­ւի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լիով կը մօ­տե­նան վտան­գա­ւոր եզ­րա­գի­ծի: Ա.Ժ. նա­խա­գա­հը խորհր­դա­րա­նին ա­նու­նով ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րուն ու հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին, ո­րոնք «ա­մէն օր խի­զա­խում են ա­ռաջ­նագ­ծում՝ ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով զսպե­լով հա­կա­ռա­կոր­դի սան­ձար­ձա­կու­թիւն­նե­րը»: