Ատր­պէյ­ճան ու­նի 11-12 սպան­նո­ւած, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը ճշգրտո­ւած են Լ.Ղ.Հ. բա­նա­կին կող­մէ, եւ մօտ նոյն­քան սպան­նո­ւած, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը ճշգրտման հանգ­րո­ւա­նի մէջ են:
Այս մա­սին 30 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ, յայ­տա­րա­րած է հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեան:
Այս առն­չու­թեամբ, Լ.Ղ.Հ. վար­չա­պե­տի մամ­լոյ բան­բեր Ար­տակ ­Բեգ­լա­րեան ֆէյս­պու­քեան իր է­ջին մէջ գրած է.- «­Քիչ ա­ռաջ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ, պա­տաս­խա­նե­լով ի­րեն ուղ­ղո­ւած հար­ցու­մին, նշած է, որ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը կը վե­րահս­կէ ի­րա­վի­ճա­կը եւ կը կա­տա­րէ պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ` ի պա­տաս­խան Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րուն: Իբ­րեւ հե­տե­ւանք Ատր­պէյ­ճան ու­նի 11-12 սպան­նո­ւած, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը ճշգրտո­ւած են պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին կող­մէ, եւ մօտ նոյն­քան սպան­նո­ւած, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը ճշգրտման հանգ­րո­ւա­նի մէջ են: ­Բա­ցի ատ­կէ, ի­րենց հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ, այս պա­հու դրու­թեամբ, 60-80 վի­րա­ւոր կայ` ըստ ­Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի»:
­Բեգ­լա­րեան նաեւ հա­ղոր­դած է իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց` «բա­ցի մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րէ, ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը կրած են նաեւ նիւ­թա­կան զգա­լի կո­րուստ­ներ, քա­նի որ քա­նի մը յե­նա­կէ­տեր եւ զօ­րա­նոց­ներ ոչն­չա­ցո­ւած են մեր կող­մէ: ­Կը կար­ծեմ` ակն­յայտ է, որ ­Տա­ւու­շի բնա­կիչ­նե­րուն եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նո­ւոր­նե­րուն վրայ յար­ձա­կում­նե­րը ­Պա­քուն չէ մար­սած»: