altՍեպտեմբեր 25ին Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան մէջ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական Մշակութային Փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնի համերգը, ուր մասնակցեցան Հայաստանէն,

Արցախէն եւ աշխարհի 12 երկիրներէ  ժամանած երգչախումբեր, պարախումբեր եւ  անհատ կատարողներ:
«Հայրապետական մաղթանք» երգով փառատօնը բացաւ Պոլսոյ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Մամիկոնեանի խմբավարութեամբ: Հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները հայ եւ օտարազգի երաժիշտներու կատարմամբ:
Փառատօնի մասնակից, ազգութեամբ թրքուհի, Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքէն ժամանած Լեման Շթէյնը կատարեց իւրաքանչիւր հայի զգացումային աշխարհի հիմնը՝ «Տլէ եաման»:
Աթէնքէն կիթառահար Յակոբ Գոլանեան ներկայացուց Կոմիտասի «Մարալի», «Ունաբի» եւ «Վասպուրական»  ստեղծագործութիւնները:
Հաճելի աւանդոյթ դարձած է արդէն ճափոնացիներու մասնակցութիւնը կոմիտասեան փառատօներուն: Մեր հայրենակից Կարէն Իսրայէլեանի եւ ճափոնուհի տաւղահար Ուլալա Իոունէի կատարմամբ հնչեցին «Ծիրանի ծառ» եւ «Քելեր, ցոլեր» գործերը:
Համերգը եզրափակուեցաւ Գառնիի վոկալ կվինտետի ելոյթով:
Համերգի աւարտին Համահայկական Մշակութային Փառատօնի մասնակիցներուն Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի անունով ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան: Ան կարեւոր նկատեց Կոմիտասին նուիրուած փառատօներու շարունականութիւնը՝ նշելով, որ Կոմիտասին նուիրուած փառատօնը տեղի կþունենայ երկրորդ անգամ: