Սեպտեմբեր 24ին Արամ Խաչատուրեան մեծ համերգասրահին մէջ, Պոլսոյ հայ համայնքի մշակութային օրերով տեղի ունեցաւ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական Մշակութային Փառատօն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս կազմակերպուած փառատօնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 24-27ը, որը կը ներառնէր Պոլսոյ հայ համայնքի մշակութային օրերը Հայաստանի մէջ եւ «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնը: Համերգներուն կը մասնակցէին Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 12 երկիրներէ ժամանած երգչախումբեր, պարախումբեր եւ անհատ կատարողներ (Ռուսիա, Վրաստան, Սուրիա, Յորդանան, Թուրքիա, Իսրայէլ, Էսթոնիա, Ճափոն, Լիբանան, Յունաստան, Գերմանիա, Շուէտ՝ շուրջ 300 հոգի):
Փառատօնը նպատակ ունէր նպաստելու Հայաստան-Սփիւռք մշակութային գործակցութեան ընդլայնման, Սփիւռքի մէջ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման:
Հանդիսաւոր բացման համերգային ծրագրով հանդէս եկաւ Պոլսոյ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը: Յայտագրին հնչեցին պոլսահայ յօրինող Մաժակ Թոշիկեանի՝ Հրանտ Տինքին նուիրուած օրատորիան եւ այլ ստեղծագործութիւններ՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ, «Էքսպրոմտ» նուագախումբի եւ «Արեւներ» մանկական երգչախումբի նուագակցութեամբ:
Յովհաննէս Շիրազի, Համօ Սահեանի, Մաքրուհի Յակոբեանի, Արթուր Սաֆարեանի, Արմէն Երկաթի, Սուքիաս Գումրուեանի խօսքերով Մաժակ Թոշիկեանի երգերն ու երաժշտական ստեղծագործութիւնները կատարեցին Սիպիլը, Պօղոս Պարթեւ Կարեանը, Լիտան եւ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը:
Մասնակիցներուն իր օրհնութեան խօսքը բերաւ Պոլսոյ հայոց Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։ Ան նշեց, որ պոլսահայ համայնքը դարեր շարունակ բեղմնաւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ իր աւանդը բերելով հայ մշակոյթի, գրականութեան զարգացման: «Համայնքը այսօր եւս կը պահպանէ հայկական աւանդոյթները: Շնորհակալութիւն Սփիւռքի նախարարութեան եւ ողջ ստեղծագործական խումբին նման հրաշալի համերգային ծրագիր պատրաստելու եւ մեզ ներկայացնելու համար», - ըսաւ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Իսկապէս յուզուեցինք, հիացանք պոլսահայ երգիչների ու երաժիշտների տաղանդով, կատարողական արուեստով: Համերգը նուիրուած էր վաստակաշատ, տաղանդաւոր երգահան Մաժակ Թոշիկեանին, բայց դահլիճը լցուեց ու ապրեց Յովհաննէս Շիրազով, Համօ Սահեանով, Հրանտ Տինքով»:
Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մատուցած ծառայութիւններու եւ հայապահպանութեան գործով նշանակալի ներդրում ունենալու համար նախարարը պոլսահայ տաղանդաւոր երգահան Մաժակ Թոշիկեանին պարգեւատրեց Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով:
Նախարարութեան Ոսկէ մետալով պարգեւատրուեցաւ համերգի հովանաւոր պոլսահայ Տիգրան Կիւլմեզկիլին:
Գերատեսչութեան ղեկավարը Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրով պարգեւատրեց Պոլսոյ «Լուսաւորիչ» երգչախումբին՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու, հայապահպանութեան օժանդակելու համար:
Հ.Հ. սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց «Մարմարա» օրաթերթի փոխ-խմբագիր, Մաժակ Թոշիկեանի «Զղջում» երգի խօսքերու հեղինակ Մաքրուհի Յակոբեանի՝ պոլսահայ տաղանդաւոր երգիչներուն, երգչախումբերուն, արուեստագէտներուն դէպի Հայրենիք ուղղորդելու եւ Հայաստանի հետ կապելու անմնացորդ ջանքերը:
Նախարարութեան պատուոյ գիրերու արժանացան երգիչներ Սիպիլը, Պարթեւ Կարեանը, Լիտան, օրատորիայի խօսքերու հեղինակ Պերճուհի Պէրպէրեանը, օրատորիայի մեներգիչներ Այլին Աթէշը, Սերճան Կազերօղլուն, Պօղոս Եղիազարը եւ «Արեւներ» մանկական երգչախումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան: