Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 Սեպտեմբերին ընդունած է Վատիկանի Սուրբ Աթոռի արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան կրօնապետ, Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքը:
Կարտինալ Սանտրի հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի նախագահին յանձնած է Ֆրանսիս Պապի կողմէ Սերժ Սարգսեանին շնորհուած Ոսկի Մետալը: Նախագահ Սարգսեան ողջունած է հիւրերը եւ գոհունակութեամբ հաստատած, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի աւելի քան 20ամեայ պատմութիւն ունեցող դիւանագիտական յարաբերութիւնները միշտ ալ յատկանշուած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեամբ:
Ըստ նախագահին՝ Կարտինալ Սանտրիի այցելութիւնը վառ ապացոյց է այն իրականութեան, որ հայ-վատիկանեան յարաբերութիւնները մնայուն կերպով երկկողմանի հոգածութեան առարկայ եղած են ու կը շարունակեն ամրապնդուիլ։
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Կարտինալ Սանտրիի անձնական մեծ աւանդը երկկողմանի միջ-պետական յարաբերութիւններու զարգացման առումով՝ նշելով, թէ տեղեակ է, որ Կարտինալը որքա՛ն ուշադիր եւ հոգատար է հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն նկատմամբ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան Կարտինալ Լ. Սանտրին պարգեւատրած է Բարեկամութեան շքանշանով՝ հոգեւոր արժէքներու պահպանման, Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմանի կապերու ամրապնդման առումով ներդրած մեծ աւանդին, ինչպէս նաեւ հայանպաստ աշխոյժ գործունէութեան համար: