27 ­Սեպ­տեմ­բե­րին` ­Վա­րա­գայ Ս. ­Խա­չի տօ­նին, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծի­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 21րդ դա­րու եր­րորդ միւ­ռո­նօրհ­նէ­քը:

­Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան, ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի նա­խա­գահ ­Գա­գիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­ւի­րա­պե­տա­կան Ա­թոռ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­ներ ու թե­մա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ, ­Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­ներ, կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­ներ, ազ­գա­յին բա­րե­րար­ներ, մշա­կոյ­թի եւ գի­տու­թեան գոր­ծիչ­ներ եւ ­Հա­յաս­տա­նէն ու աշ­խար­հաս­փիւռ հա­մայնք­նե­րէ հա­սած ուխ­տա­ւոր հա­յոր­դի­ներ:

­Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր դա­սին եւ հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­ղօ­թա­կից էին ղպտի ուղ­ղա­փառ, ա­սո­րի ուղ­ղա­փառ, հնդիկ ­Մա­լա­պար, Ա­լեք­սանդ­րիա­յի եւ հա­մայն Ափ­րի­կէի յոյն ուղ­ղա­փառ պատ­րիար­քու­թեան, Ան­տիո­քի եւ ­Հա­մայն Ա­րե­ւել­քի պատ­րիար­քու­թեան, ռուս ուղ­ղա­փառ, ­Սեր­պիոյ ուղ­ղա­փառ, ­Ռու­մա­նիոյ ուղ­ղա­փառ, ­Կիպ­րո­սի ուղ­ղա­փառ, ­Չե­խիոյ ուղ­ղա­փառ, Ալ­պա­նիոյ ուղ­ղա­փառ, Հ­ռո­մի կա­թո­ղի­կէ, յոյն կա­թո­ղի­կէ, ա­սո­րի կա­թո­ղի­կէ, հայ կա­թո­ղի­կէ, Անկ­լի­քան, ­Ֆին­լան­տա­յի ­Լու­տե­րա­կան, ­Սան Է­ճի­տիոյ հա­մայն­քի եւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Խոր­հուր­դի պա­տո­ւի­րակ­ներն ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը սկսաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5:00ին: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ըն­թե­ռա­կա­ներն էին Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիարք ­Նուր­հան Արք. ­Մա­նու­կեան եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մու­շեղ Արք. ­Մար­տի­րո­սեան:

­Հայ­րա­պե­տա­կան թա­փօ­րով կը փո­խադ­րո­ւէին միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին գոր­ծա­ծո­ւող սրբա­զան մա­սունք­նե­րը:

­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թե­շեան կը կրէր ­Կե­նաց ­Փայ­տի մա­սուն­քով խա­չը, Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ Արք. ­Մար­տի­րո­սեան` Ս. ­Գե­ղար­դը, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Խա­ժակ Արք. ­Պար­սա­մեան կը կրէր Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չին Ա­ջը, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Յով­նան Արք. ­Տէր­տէ­րեան` ­Ծաղ­կանց նիւ­թի սա­փո­րը, Ա­րա­րա­տեան հայ­րա­պե­տա­կան թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Նա­ւա­սարդ Արք. Կ­ճո­յեան` ­Բա­լա­սա­նի սա­փո­րը, ­Գու­գա­րաց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Սե­պուհ Արք. ­Չուլ­ճեան` Մ. ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի պա­հո­ցէն այս ա­ռի­թով դուրս բե­րո­ւած ­Վե­հա­փա­ռի Ա­ւե­տա­րա­նը, ­Փա­ռէն Արք. Ա­ւե­տի­քեան` Ս. Անդ­րէաս ա­ռա­քեա­լի մա­սուն­քով Ա­ջը, ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բա­ժի­նի տնօ­րէն ­Նա­թան Արք. ­Յով­հան­նի­սեան` Ս. ­Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նի­չի մա­սուն­քով Ա­ջը, ­Ռու­սիոյ եւ ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Եզ­րաս Արք. ­Ներ­սի­սեան` հին միւ­ռո­նով միւ­ռո­նա­թափ մեծ ա­ղաւ­նին, ­Հա­րա­ւա­յին ­Ռու­սիոյ հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Մով­սէս Եպս. ­Մով­սի­սեան կը կրէր Ս. ­Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի մա­սուն­քով Ա­ջը:

­Մայր տա­ճա­րի երգ­չա­խում­բը «Հ­րա­շա­փառ» շա­րա­կա­նի հան­դի­սա­ւոր կա­տա­րու­մով ­Բաց ­Խո­րա­նի մա­տոյց­նե­րուն մէջ դի­մա­ւո­րեց հայ­րա­պե­տա­կան թա­փօ­րը, ա­պա միաս­նա­կան ­Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով սկսաւ միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան խորհր­դա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:

Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին մէջ հե­ղեց ծաղ­կանց նիւ­թը եւ բա­լա­սա­նը, որ­մէ ետք ձե­ռամբ կա­թո­ղի­կո­սին կաթ­սա­յին մէջ լե­ցո­ւե­ցաւ նաեւ Ան­թի­լիա­սի մէջ օրհ­նո­ւած նոր միւ­ռո­նը, որ վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին մա­տու­ցած էր ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Շա­հան Արք. ­Սար­գի­սեան:

­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան, յա­նուն Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի, մաս­նակ­ցե­ցան ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Մու­շեղ Արք. ­Մար­տի­րո­սեան եւ ­Բե­րիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հան Արք. ­Սար­գի­սեան: