­Սեպ­տեմ­բեր 23ին ­­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­­Հա­յոց ­­Կա­թո­ղի­կո­սը ­­Մայր Ա­թոռ ­­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի մէջ ըն­դու­նեց ­­Հայ ­­Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Պատ­րիարք Գ­րի­գոր-­­Պետ­րոս Ի. ­­Կապ­րո­յեա­նը` ու­ղեկ­ցու­թեամբ ­­Հա­յաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ­­Հայ ­­Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ ­­Ռա­ֆա­յէլ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­­Մի­նա­սեա­նի: Ա­սի­կա նո­րըն­տիր ­­Պատ­րիար­քի ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւնն է ­­ Հա­յաս­տան եւ ­­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ ­Մայր Ա­թո­ռի տե­ղե­կա­տո­ւ գ­րա­սե­նեա­կը։

­­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն ­­Հա­յոց ­­Կա­թո­ղի­կո­սը իր շնոր­հա­ւո­րան­քը բե­րաւ Գ­րի­գոր-­­Պետ­րոս Ի. ­Պատ­րիար­քին ընտ­րու­թեան ու գա­հա­կա­լու­թեան ա­ռի­թով` մաղ­թե­լով ա­նոր ար­գա­սա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն:

Իր խօս­քին մէջ ­­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քով ընգ­ծեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Հ­ռո­մի ­­Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րելք կ­­՝ապ­րին եւ յատ­կանշուած են սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Այս ա­ռի­թով՝ Ա­մե­նայն ­­Հա­յոց ­­Հայ­րա­պե­տը գո­հու­նա­կու­թեամբ յի­շեց ­­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով Հ­ռո­մի Սր­բա­զան ­­Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆ­րան­չիս­կոս ­­Պա­պի կող­մէն Ապ­րիլ 12ին ­­Վա­տի­կա­նի Ս. ­­Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցո­ւած Սր­բա­զան ­­Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ­­Պա­պին կող­մէ հնչե­ցո­ւած ու­ղեր­ձը` մի­տո­ւած մարդ­կու­թեան կեան­քին մէջ նո­րա­նոր ո­ճիր­նե­րու եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման:

­­Գա­րե­գին Բ. հաս­տա­տեց, որ հա­մաշ­խար­հա­յին զար­գա­ցում­նե­րու ար­դի պայ­ման­նե­րու մէջ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ար­դա­րու­թեան ճա­նա­պարհ կրնան հար­թել միայն հա­մա­տեղ ջան­քե­րով, փո­խա­դարձ ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ ա­ղօթ­քով:

Իր հեր­թին, ­­Հայ ­­Կա­թո­ղի­կէ ­­Պատ­րիար­քը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­մե­նայն ­­Հա­յոց ­­Կա­թո­ղի­կո­սին իր ընտ­րու­թեան ա­ռի­թով յղո­ւած շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղեր­ձին եւ մաղ­թանք­նե­րուն հա­մար: