«Փիւնիկ» հիմնադրամը այս տարի կը նախատեսէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ բանալ Մատենադարանի մասնաճիւղ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am։
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ճամպարճեան՝ ներկայացնելով հիմնադրամի յառաջիկայ ծրագիրները՝ ընդգծած է, որ այս տարի հիմնադրամի բոլոր ծրագիրները կեանքի կոչուած են, եւ մնացած է միայն Արցախի Գանձասարի մէջ Մատենադարանի մասնաճիւղի բացումը: «Աշխատանքները այդ ուղղութեամբ արդէն աւարտին կը հասնին, սակայն հիմա յստակ չեմ կրնար ըսել, թէ ե՞րբ պիտի կրնանք շահագործման յանձնել, բայց ատիկա պիտի ըլլայ այս տարուան մէջ»,- նշած է Ճամպարճեան` աւելցնելով, որ այս տարուան համար հիմնադրամը այլ ծրագիրներ չունի, սակայն կրնան ըլլալ մանր ծրագիրներ, որոնք կրնան քննարկուիլ եւ կեանքի կոչուիլ:
Ամփոփելով տարին` Ճամպարճեան բարձր գնահատած է հիմնադրամին գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ սփիւռքի եւ Արցախի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք հնարաւոր եղած է կեանքի կոչել բազմաթիւ ծրագիրներ: «Նաեւ այդ արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնքն էր, որ այդքան լաւ կազմակերպուեցան եւ իրականացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները: Իսկ ամենագլխաւոր ձեռքբերումը Հռոմի Պապի մատուցած պատարագն էր` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին»,- ընդգծած է Ճամպարճեանը: