Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն, այս ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք յստակ քայլերուն: Երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ Ֆրանսա-Հայաստան-Իրան տնտեսական բազմակողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, ներառեալ` շրջանային համագործակցութեան ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկումը:
Քննարկուեցան նաեւ արցախեան բանակցային հոլովոյթի, հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ տիրող լարուածութեան, ինչպէս նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին հետ կապուած հարցեր:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ Ֆրանսա մուտքի արտօնութեան տրամադրման հետ կապուած կարգ մը դժուարութիւններու հարցը, որուն կապակցութեամբ դեսպանը վստահեցուց, որ այս առումով որեւէ արհեստական խոչընդոտ չկայ, եւ ամէն ինչ կը կատարուի ընթացակարգային դժուարութիւնները վերցնելու ուղղութեամբ: