Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 Սեպտեմբերին, Տաւուշի մարզպետի եւ մարզպետարանի պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ, խորհրդակցութիւն կատարած է Տաւուշի մարզի 2014 եւ 2015 թուականներու առաջին կիսամեակի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, առկայ հիմնախնդիրներուն եւ զարգացման ծրագիրներու քննարկման նպատակով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանին յանձնարարած է 1էն 6 Սեպտեմբերի ռմբակոծումներէն տուժած մարզի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով կարելի եղածին չափ արագ (առաւելագոյնը 10 օրէն) ամփոփել տուժած 13 շրջաններու վնասներուն պատկերը` նիւթական օժանդակութեան վերաբերեալ համապատասխան յայտ ներկայացնելով Հայաստանի կառավարութեան:
Միաժամանակ յանձնարարուած է Հայաստանի քաղաքաշինութեան, տարածքային կառավարման ու արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններուն հետ՝ միացեալ ամբողջական ուսումնասիրութիւն կատարել սահմանամերձ ռմբակոծուած համայնքներուն մէջ եւ համապատասխան առաջարկներ մշակել կրթական հաստատութիւններու ու հասարակական շինութիւններու անվտանգութեան մնայուն բարելաւման, ինչպէս նաեւ բնակչութեան տեղաշարժի անվըտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ` նիւթական գնահատականներուն վերաբերեալ ամփոփումները ներկայացնելով կառավարութեան: Յանձնարարուած է նաեւ գիւղատնտեսական հողաշերտերու օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով, գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէին հետ միասնաբար, ուսումնասիրել անհրաժեշտ ոռոգման համակարգերու կառուցման ծաւալները` առաջնահերթութեանց վերաբերեալ առաջարկ ներկայացնելով կառավարութեան: