Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մե­տեա­րով իր մա­մու­լի ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած է, որ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հետ հան­դի­պու­մը պի­տի կա­յա­նայ Սեպ­տեմ­բեր 24-25ին, Նիւ Եոր­քի մէջ: Մա­մե­տեա­րով յայտ­նած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը նախ ա­ռան­ձին պի­տի հան­դի­պին նա­խա­րար­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին հետ, ա­պա պի­տի կա­յա­նայ հա­մա­տեղ հան­դի­պու­մը: «­Վեր­ջին շրջա­նին յա­ճա­խա­կի դար­ձած են հրա­դա­դա­րի խախտ­ման դէպ­քե­րը: Յու­սով եմ` այդ հար­ցով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած` ար­դիւնք ձեռք կը բե­րո­ւի: Այդ ա­ռու­մով Ռու­սիան ամ­րապն­դած է դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը: Սա­կայն ար­դիւն­քի հաս­նե­լու հա­մար մենք պէտք է աշ­խա­տինք: Մենք պէտք է հա­մա­ձայ­նեց­նենք ո­րոշ հար­ցեր: Ռու­սիա կը շա­րու­նա­կէ ա­ջակ­ցիլ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խում­բին: Պի­տի փոր­ձենք ար­դիւն­քի հաս­նիլ, սա­կայն նա­խա­պէս ո­րե­ւէ բան ը­սե­լը դժո­ւար է»,- ը­սած է ան: