Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեան Սեպ­տեմ­բեր 15ին ըն­դու­նած է «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի խումբ մը բա­րե­րար­ներ, ո­րոնք ճա­նա­չո­ղա­կան այ­ցով ժա­մա­նած են Ար­ցախ:

Ա.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու բա­ժի­նի փո­խանց­մամբ` վար­չա­պե­տը իր խօս­քին մէջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է ներ­կա­նե­րուն՝ Ար­ցա­խի հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւող մշտա­կան ու­շադ­րու­թեան հա­մար: Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեան հա­մա­ռօտ ներ­կա­յա­ցու­ցած է հան­րա­պե­տու­թեան կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը. մաս­նա­ւո­րա­պէս` անդ­րա­դարձ կա­տա­րած է ժո­ղովր­դագ­րու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն, ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող տնտե­սա­կան հիմ­նա­կան նա­խա­գի­ծե­րը:

«­Մեր ու­նե­ցած ձեռք­բե­րում­նե­րի զգա­լի մա­սը նշա­նա­կա­լիօ­րէն պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է սփիւռ­քա­հա­յու­թեան գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թեամբ: Ար­ցա­խի զար­գաց­ման գրե­թէ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րում մեծ է յատ­կա­պէս «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի դե­րը»,- նշած է վար­չա­պե­տը` ա­ւելց­նե­լով, որ Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող իւ­րա­քան­չիւր ծրա­գիր մի­տո­ւած է ա­պա­գա­յին, եւ կա­տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը հաս­տա­տա­պէս պի­տի ծա­ռա­յեն սե­րունդ­նե­րուն:

Գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ղե­կա­վա­րը շեշ­տադ­րած է, որ, բա­ցի ցու­ցա­բե­րո­ւող ա­ջակ­ցու­թե­նէն, Ար­ցա­խի տնտե­սու­թիւ­նը մեծ նե­րուժ ու­նի, որ կրնայ ի­րա­կա­նա­ցո­ւիլ նաեւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ներդ­րում­նե­րու մի­ջո­ցով:

«Հ­զօր հայ­րե­նի­քի գո­յու­թիւ­նը կա­խո­ւած է նաեւ Ս­փիւռ­քի ակ­տիւ ներդ­րում­նե­րից, ին­չը նոր թափ կը հա­ղոր­դի Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րի տնտե­սու­թիւն­նե­րի զար­գաց­մա­նը»,- ը­սած է Ա. Յա­րու­թիւ­նեան:

Հան­դիպ­ման վեր­ջա­ւո­րու­թեան Ար­ցա­խի վար­չա­պե­տը պա­տաս­խա­նած է «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի ան­դամ­նե­րը հե­տաքրք­րող հար­ցե­րու: