altՀ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Կի­րօ Մա­նո­յեան 11 Սեպ­տեմ­բե­րին, լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին, անդ­րա­դար­ձած է Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն` զա­նոնք մտա­հո­գիչ նկա­տե­լով:

«­Թուր­քիա­յի այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գիչ են, իշ­խա­նու­թիւն­ներն սկսել են մեծ ռազ­մա­կան ար­շաւ Թուր­քիա­յի քրտաբ­նակ շրջա­նակ­նե­րում: Քր­տա­կան հա­սա­րա­կու­թեան դէմ ու Ի­րա­քում, Սի­րիա­յում հա­կաքր­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է վար­ւում»,- ը­սած է Մա­նո­յեան` ա­ւելց­նե­լով.- «­Մենք քննա­դա­տում ենք ու գտնում ենք, որ կա­տա­րո­ւածն ուղ­ղո­ւած է քիւրտ ժո­ղովր­դի դէմ ու Թուր­քիա­յի նման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հա­րո­ւա­ծում է բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րին, նե­րա­ռեալ հա­յու­թեա­նը: Մեզ հա­մար հար­ցը մտա­հո­գիչ է այն­քա­նով, որ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը կա­րող է ու­նե­նալ մեզ վրայ, մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նի վրայ եւ սա, բնա­կա­նա­բար, Հա­յաս­տա­նի հա­մար եւս դրա­կան չէ»:

Մա­նո­յեա­նի հա­մա­ձայն, Թուր­քիա ոչ մէկ փա­փաք ու­նի Հա­յաս­տա­նի հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք ալ կ­՛ըն­թա­նան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պա­ռակ­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ եւ, նկա­տի ու­նե­նա­լով յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ի­րենք կը փոր­ձեն ա­ռա­ւել եւս շի­կաց­նել մթնո­լոր­տը ի­րենց երկ­րին մէջ:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ար­դեօք կրնա՞յ ըլ­լալ, որ Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան օգ­տա­գոր­ծէ իր սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւուն­քը եւ յե­տաձ­գէ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը` Կի­րօ Մա­նո­յեան ը­սաւ. «Այ­սօր նրանք չեն ու­զում ընտ­րու­թիւն­նե­րը յե­տաձ­գել, քա­նի որ սա կը նշա­նա­կի, որ այս մթնո­լոր­տը պէտք է ձգել եւս մէկ տա­րի»:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Սու­րիոյ մէջ տի­րող լա­րո­ւած կա­ցու­թեան` Մա­նո­յեան ը­սաւ, որ ա­նոնց շա­հե­րուն գլխա­ւոր վտան­գը ՏԱՀԵ­Շէն կու գայ: «Այ­սօր Թուր­քիան ոչ միայն չի պայ­քա­րում դրա դէմ, այլ նաեւ ա­ջակ­ցում է»,- հաս­տա­տեց Մա­նո­յեան:

Խօ­սե­լով Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի յայ­տա­րա­րու­թեան մա­սին` Կի­րօ Մա­նո­յեան ը­սաւ.- «Ո­ւոր­լի­քի յայ­տա­րա­րու­թիւնն ա­ռանձ­նա­պէս մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն չու­նի: Ա­րեւ­մուտ­քը, նե­րա­ռեալ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նից դժգոհ են եւ դա բարձ­րա­ձայն­ւում է Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մից:

«Ատր­պէյ­ճա­նը փոր­ձում է փոխ-լրաց­նող յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ պա­հել Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի հետ, բայց դրանք ձա­խող­ւում են: Ա­րեւմ­տեան ո­րե­ւէ պե­տու­թիւն չի ա­ջակ­ցում Ատր­պէյ­ճա­նի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեա­նը: Ե­թէ նրանք հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով չեն ար­ձա­գան­գում հայ-ատրպէյ­ճա­նա­կան լա­րո­ւա­ծու­թեա­նը, դա չի նշա­նա­կում, որ չեն նկա­տում, բայց նրանց նման պահո­ւածքն էլ ճիշդ չէ»,- դի­տել տո­ւաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դա­մը:

Ան նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն` շեշ­տե­լով, որ ա­նոնք կը սեր­տա­նան, սա­կայն պէտք չէ ա­նոնց ամ­րապնդ­ման թա­փը դան­դա­ղի` դի­տել տա­լով, որ միւս բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րուն հետ բաղ­դա­տե­լով Հա­յաս­տան ա­ռա­ւե­լու­թիւն ու­նի Ի­րա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սան­կիւ­նէն:

«Այս­տեղ ողջ հա­յու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի Ի­րա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի զար­գաց­ման հար­ցում, ո­րով­հե­տեւ այն­տեղ ու­նենք հայ­կա­կան հա­մայնք, ո­րը կա­րող է օգ­տա­կար լի­նել բազ­մա­թիւ հար­ցե­րում»,- ը­սաւ Մա­նո­յեան: Կի­րօ Մա­նո­յեա­նի հա­մա­ձայն՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­յու­թիւ­նը եւս կրնայ իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­նալ այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ա­ռու­մով, Ի­րա­նի դէմ կի­րար­կո­ւող պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս վեր­ցո­ւե­լէ ետք:

Ան չէ բա­ցա­ռած, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը հան­դի­պում ու­նե­նան Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի նստաշր­ջա­նի ծի­րին մէջ` ա­ւելց­նե­լով, որ, բայց եւ այն­պէս հասկ­նա­լի չէ, թէ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ին­չի՛ մա­սին պի­տի խօ­սին նա­խա­գահ­նե­րը:

«Ես չեմ պատ­կե­րաց­նում ի­րա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ զրոյց նա­խա­գահ­նե­րի մի­ջեւ, ե­թէ Ատր­պէյ­ճա­նը 2009 թո­ւա­կա­նից սկսած դէմ է հան­դէս գա­լիս Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­քի Խմ­բի միջ­նորդ­նե­րի ա­ռա­ջարկ­նե­րին` փոր­ձե­լով հար­ցի լու­ծումն այլ հար­թակ­ներ տե­ղա­փո­խել»,- շեշ­տեց Կի­րօ Մա­նո­յեան: Ըստ ա­նոր, ներ­կայ դրու­թեամբ Ատր­պէյ­ճան որ­դեգ­րած է նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, զոր կը վա­րէր Պա­քո­ւի մէջ Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րու կա­յա­ցու­մէն ա­ռաջ: «Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նում գրե­թէ ո­չինչ չէր կա­տար­ւում սահ­ման­նե­րի վրայ: Սա ի դէպ ցոյց է տա­լիս, թէ ո՛ր կողմն է ի­րա­կա­նում խախ­տում հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը»,- յի­շե­ցուց Կի­րօ Մա­նո­յեան: «Ատր­պէյ­ճա­նը ու­զում է լսե­լի դարձ­նել իր ձայ­նը, որ­պէս­զի դժգո­հու­թիւն յայտ­նի` Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­քի Խմ­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րի ա­ռա­ջարկ­նե­րի կա­պակ­ցու­թեամբ: Ատր­պէյ­ճա­նում դեռ չեն հաս­կա­նում, որ ի­րենց վա­րած` ի­րա­վի­ճա­կի ա­պա­կա­յու­նաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը չի բխում հէնց ի­րենց շա­հե­րից»,- եզ­րա­փա­կեց Մա­նո­յեան: