Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան 11րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ 7-11 ­Սեպ­տեմ­բեր 2015ին, Ա­ղո­ւե­րա­նի մէջ, ­Հա­յաս­տան, մաս­նակ­ցու­թեամբ Շր­ջա­նա­յին եւ ­Մե­կու­սի 20 շրջան­նե­րէ 65 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու եւ 34 հրա­ւի­րեալ­նե­րու։ ­Ժո­ղո­վը հա­մա­պար­փակ քննու­թեան են­թար­կեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի անց­նող չորս տա­րի­նե­րու սերն­դա­կերտ­ման ու հա­յա­կերտ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը, գնա­հա­տեց կա­տա­րո­ւած ի­րա­գոր­ծում­նե­րը եւ ա­պա­գա­յի հաշ­ւոյն մշա­կեց նոր ծրա­գիր­ներ: ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տու­թիւ­նը, մար­զա­կան կեան­քը եւ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը յու­զող հրա­տապ հար­ցե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­նե­րով քայ­լեր ա­ռա­ջադ­րեց ա­նոնց լուծ­ման թափ տա­լու նպա­տա­կով: ­Ժո­ղո­վը քննեց նաեւ միու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը եւ ընդգ­ծեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշ­խար­հաս­փիւռ մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն աշ­խա­տան­քա­յին դաշ­տե­րը ընդ­լայ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Օ­րա­կար­գի նիւթ դար­ձան նաեւ կա­նո­նագ­րա­յին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու կարգ մը բա­րե­փո­խում­ներ եւ միու­թեան «­Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի ու կայ­քէ­ջի զար­գաց­ման վե­րա­բե­րող ծրա­գիր­ներ: ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 11րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը ճշդեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի յա­ռա­ջի­կայ տաս­նա­մեակ­նե­րու զար­գաց­ման ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գի­րը՝ հա­մա­հայ­կա­կան մօ­տե­ցու­մովՀա­յաս­տան եւ Ս­փիւռք)։ Այս ի­մաս­տով, ժո­ղո­վը տո­ւաւ հիմ­նա­կան ո­րո­շում­ներ՝ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­դար­ձակ­ման, միու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քի ար­դիա­կա­նաց­ման եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան նո­րա­գոյն մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գործ­ման հա­մար: ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 11րդ ­Ժո­ղո­վը ա­ռա­ջադ­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան զոյգ 100ա­մեակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ թե­լադ­րեց փա­ռա­շուք տօ­նա­կա­տա­րու­թեամբ յի­շա­տա­կել զոյգ 100ա­մեակ­նե­րը։ Աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ւար­տին, ­Ժո­ղո­վը ընտ­րեց յա­ռա­ջի­կայ քա­ռա­մեայ նստաշր­ջա­նի նոր ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը: