13 Սեպ­տեմ­բե­րին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ կա­տա­րուե­ցաւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու (Տ.Ի.Մ.) ընտ­րու­թիւն:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­խում­բը ար­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ս­տե­փա­նա­կեր­տի, շրջա­նա­յին կեդ­րոն­նե­րուն եւ հա­մայնք­նե­րուն մէջ կա­յա­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու նախ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը:

Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ, գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րա Պու­լու­զեան յայտ­նած է, որ Հ.Յ.Դ.ի շրջա­նա­յին կա­ռոյց­նե­րը սա­տա­րե­ցին հա­մայն­քի ղե­կա­վար­նե­րու եւ ա­ւա­գա­նիի մօ­տա­ւո­րա­պէս 40 թեկ­նա­ծու­նե­րու, ո­րոնց­մէ 32 ան­ձեր ընտ­րո­ւած են: «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը միշտ էլ կա­րե­ւո­րել է տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րի տեղն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը երկ­րի կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գում: Դժ­բախ­տա­բար, վեր­ջին տա­րի­նե­րին նո­ւա­զել է տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րի պատ­ճա­ռը երկ­րի կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի գեր-կենտ­րո­նա­ցո­ւա­ծու­թիւնն է»,- նշած է Ա­րա Պու­լու­զեան: Ան նաեւ յայտ­նած է, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան մար­մին­նե­րը եր­կու ա­միս ա­ռաջ սկսած են ընտ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը: Իւ­րա­քան­չիւր շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին ճշդած էր իր շրջա­նի յար­մար թեկ­նա­ծու­նե­րու ցան­կը, որ կը նե­րա­ռէր կու­սակ­ցա­կան եւ հա­մա­կիր ան­հատ­ներ: Ա­րա Պու­լու­զեան շեշ­տած է, որ Տ.Ի.Մ. ընտ­րու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցան ի­րենց քա­ղա­քա­կան ար­ժէ­քը Ղա­րա­բա­ղեան Հար­ցին մէջ: «­Կա­րե­ւոր է, որ այս հա­մա­թեքս­թում վեր­ջին օ­րե­րին Ար­ցախ ժա­մա­նած ինչ­պէս եւ­րո­պա­ցի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, այն­պես էլ Ա.Մ.Ն. պե­տա­կան մա­կար­դա­կով հաս­տա­տե­ցին ընտ­րու­թիւն­ներ ան­ցկաց­նե­լու լե­գի­տի­մու­թիւ­նը (օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը)»,- ա­ւել­ցու­ցած է ան: