2011 Մարտէն ի վեր, երբ սկսաւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, շուրջ 5 միլիոն հոգի գաղթի ճամբան բռնած է: Անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (95%) կը փորձէ ապաստան գտնել կամ գտած է դրացի երկիրներու, գլխաւորաբար՝ Թուրքիոյ մէջ: Կը յաջորդեն Լիբանան, Յորդանան, Իրաք եւ Եգիպտոս: Այսօր,
Թուրքիա ապաստանածներու թիւը կը գնահատուի՝ 1.900.000:
Սուրիոյ դրացի երկիրներուն բաղդատմամբ՝ Եւրոպայի հիւրընկալած սուրիացի գաղթականներու թիւը գրեթէ արհամարհելի է:
Սեպտեմբեր 9ին, Եւրոպական Յանձնաժողովը մեծամասնութեամբ սուրիացի 160.000 գաղթականներու համար սահմանեց Եւրոպական Միութենէն ներս, երկիր առ երկիր՝ հիւրընկալման բաժինները:
2014 Յուլիսի տուեալներով՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր միայն 123.600 սուրիացիներ ապաստանած են եւրոպական երկիրներ, այլ խօսքով՝ ընդհանուրին միայն 4%ը:
Բայց այդ թիւը զգալի յաւելում արձանագրած է 2015ին. արդարեւ այս տարուան սկիզբէն ի վեր Եւրոպական Միութեան սահմաններէն ներս ապաստանի 755.000 դիմում ներկայացուած է, այլ խօսքով՝ 65%ի յաւելում մը, բաղդատմամբ անցեալ տարուան:
Բացի Սուրիոյ դրացի երկիրներէն, ամէնէն մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալած մնացեալ երկիրներու ցանկը կը գլխաւորէ Գերմանիա (41.000), որու կը յաջորդէ Շուէտ՝ 34.200ով: Ապա, երրորդ դիրքի վրայ կը հասնի Հայաստան, յետոյ՝ Հոլանտա, Պուլկարիա, Դանիա, Զուիցերիա, Մեծն-Բրիտանիա, Յունաստան, Ֆրանսա…
Սփիւռքի նախարարութեան այս տարուան առաջին եռամսեայի տուեալներով՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Սուրիայէն Հայաստան գաղթած է շուրջ 15-16 հազար հոգի. անոնց շուրջ 12 հազարը սուրիահայ է եւ ասոնց ճնշող մեծամասնութիւնը` 8-9 հազարը դարձած է Հայաստանի քաղաքացի: Ցաւօք, ապաստանեալներու թիւը կը մեծնայ ամէն օր: