altՍու­րիա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մա­կող­մա­նի ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու նպա­տա­կով՝ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեա­նի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, ինչ­պէս նա­խորդ տա­րի, այս տա­րի նոյն­պէս կեան­քի կո­չո­ւած են շարք մը ծրա­գիր­ներ: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը: 2015 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւար–Օ­գոս­տոս ա­միս­նե­րուն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ, ըստ վար­չա­կան շրջան­նե­րու, 1018 սու­րիա­հայ ըն­տա­նի­քի տրա­մադ­րո­ւած է բազ­մաբ­նոյթ ա­ջակ­ցու­թիւն: 92 ըն­տա­նիք ընդգր­կո­ւած է պե­տա­կան ըն­կե­րա­յին ծրա­գիր­նե­րու մէջ: Ն­շո­ւած ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կա­յու­թեան բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ դի­մած են 1498 սու­րիա­հա­յեր, ո­րոնց ցու­ցա­բե­րո­ւած է անվ­ճար բժշկա­կան օգ­նու­թիւն եւ սպա­սար­կում:

­Հիմ­նա­կա­նօ­րէն ար­տա­հերթ հիմ­քով Ե­րե­ւա­նի ման­կա­պար­տէզ­ներ ըն­դունո­ւած է նա­խադպ­րո­ցա­կան տա­րի­քի 103 ե­րե­խայ, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կա­յու­թեան թի­ւով 84 դպրոց­նե­րու մէջ կը յա­ճա­խէ 452 սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ:

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեա­նի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ՝ նոր ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան նա­խօրեակին ե­րե­ւա­նաբ­նակ սու­րիա­հայ 1-4 դա­սա­րա­նի 167 ա­շա­կերտ­ներ նո­ւէր ստա­ցած են դպրո­ցա­կան պա­յու­սակ­ներ, գրե­նա­կան պի­տոյք­ներ:

­Սու­րիա­հայ ե­րե­խա­նե­րը մշտա­պէս մաս­նակ­ցած են նաեւ մշա­կու­թա­յին տար­բեր ձեռ­նարկ­նե­րու, անվ­ճար այ­ցե­լած են թան­գա­րան­ներ եւ մշա­կու­թա­յին այլ օ­ճախ­ներ: